image

Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ տարեվերջ. Ալիեւ

Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ տարեվերջ. Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ 2022 թուականի վերջը կրնայ ստորագրուիլ, գրած է «ՌԻԱ Նովոստին»։

«Հայաստանի կողմէ բարի կամքի դրսեւորման պարագային խաղաղութեան պայմանագիրը մինչեւ տարեվերջ կրնայ կնքուիլ։ Ժամանակը  կ'անցնի եւ մեր նախաձեռնութիւնները այդքան հեշտութեամբ առաջ չեն երթար։ Թէեւ արտաքին գործոց նախարարներու առաջին հանդիպումը յստակ արդիւնքներ չտուաւ, բայց կը կարծեմ, որ այդ դրական քայլ է: Կը կարծեմ, որ եթէ մօտ ժամանակներս որոշում կայացուի, երկու երկիրներու աշխատանքային խումբերը կը սկսին աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան վրայ, մենք կը կարողանանք համաձայնութեան գալ մինչեւ տարեվերջ»,- Փրակի մէջ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին ըսած է Ալիեւ։ Անոր խօսքով՝ «ոչ ոք՝ ոչ հայկական կողմը, ոչ ալ Եւրոպական խորհուրդը հարցեր ունին ատրպէյճանական կողմի հռչակած հինգ սկզբունքներուն վերաբերեալ»։