Անգարան իր քաղաքականութիւնը չէ փոխած Հայաստանի ու Ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Պաքուի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ:
«ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ժամանակ ես հանդիպեցայ Զօհրապ Մնացականեանի հետ: Ես ծանօթ եմ անոր այն ժամանակէն, երբ ան Եւրոպայի Խորհուրդի մէջ Հայաստանի դեսպանն էր: Շնորհաւորեցի անոր ու Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին։
Մեր դիրքորոշումը յայտնի է, մենք չենք փոխած մեր դիրքորոշումը: Յայտնի է մեր դիրքորոշումը նաեւ Ղարաբաղի վերաբերեալ»,- ըսած է Չաւուշօղլուն: