Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին հետեւանքով հայրենադարձած երիտասարդ՝ Վահէ Առաքելեանը յանկարծամահ եղած է։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ հանգուցեալին հարազատներէն։
Իր ասպարէզին նուիրուած Վահէն կը վայելէր սէրն ու համակրանքը իր ազգականներուն ու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ծանօթներուն։
Ան փոքր տարիքէն նետուած էր կեանքի ասպարէզ եւ տիրապետած իր արհեստին՝ ատաղձագործութեան, եւ շնորհիւ իր ազնիւ բնաւորութեան ու բարի համբաւին կը վայելէր իր շրջապատին համակրանքը եւ վստահութիւնը, ըլլայ Հալէպի մէջ ու ապա Երեւանի։
Վահէի մահը մեծ ցաւ պատճառեց իր ընտանեկան պարագաներուն որովհետեւ ան ոչ մէկ առթիւ իր առողջութեան կապուած գանգատներ ունէր։
Վահէի պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեան կեանքի օրերը եղած են աշխուժութեամբ եւ եռանդով լեցուն օրեր եւ յատկապէս «Կիլիկեան» վարժարանէն, ու ապա Հալէպի ՀՄՄ-ի մեծ ընտանիքի շարքերուն մէջ ան ցոյց տուած է նուիրական կեցուածք եւ աշխատասիրութիւն։
Նշենք նաեւ որ Վահէի հոգեհանգստեան եւ թաղման կարգը տեղի ունեցաւ անցեալ հինգշաբթի օր Երեւանի մէջ։
Վահէ Առաքելեանի մահուան առթիւ վերջինիս ազգականներէն Սոնա Չորպաճեան-Անուշեան կը գրէ՝
Դժուար է բառեր գտնել՝ հրաժեշտ տալու անձի մը, որ շատ կանուխ մեկնեցաւ անվերադարձ: Դուն իմ համար դասընկերէ մը աւելին էիր, մանկութեանս յուշարարը՝ յիշատակներուս եւ սրտիս։ Քեզ այդքան երիտասարդ տարիքիդ կորսնցնելը անարդար կը թուի ըլլալ, ճիշդ պատմութեան մը պէս, որու ամենագեղեցիկ բաժինները ջնջուած են:
Շատ սիրելի Ժանէթ թանթիկ, Մուշեղ ամմօ, Յակոբ, Արա եւ համայն Առաքելեան ընտանիք, չեմ կրնար պատկերացնել, ձեր կրած ցաւն ու վիշտը, Վահէն այնքան պայծառ լոյս մըն էր բոլորիդ կեանքին մէջ եւ ան լի էր մեծ բարութեամբ: Այսօր ես իսկապէս երախտապարտ եմ, որ շատ յիշատակներ ունիմ անոր հետ։
Ննջէ խաղաղութեամբ, մանկութեանս սիրելի ընկեր։ Անհնար է քեզ մոռնալ։