image

«Քրիստոսի Յարութիւնը ժամանակէն եւ տարածութենէն վեր աստուածային յաղթանակ մըն է..».Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան

«Քրիստոսի Յարութիւնը ժամանակէն եւ տարածութենէն վեր աստուածային յաղթանակ մըն է..».Գերշ. Տ. Խորէն եպս. Առաքելեան

 Ստորեւ կը ներկայացնենք Յունահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Խորէն եպս. Առաքելեանի Սուրբ Զատկուան պատգամն ու  Մեր Տէրոջ Յիսու Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առթիւ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին մասին խմբագրութեանս ուղարկուած թղթակցութիւնը։

 

Սուրբ Հարութեան Տօնը՝ Փերիստերիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ

Ապրիլ 19-ի ուշ երեկոյեան, երբ ամբողջ քրիստոնէական աշխարհը յոյսով եւ խոկումով սպասէր Տիրոջ Յարութեան մեծագոյն հրաշքին, Աթէնքի Փերիստերիի շրջանի առաջնորդանիստ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լեցուն էր հայ հաւատացեալներով։ Հայորդիներ գալով մասնակցելու էին Յարութեան այս փրկական եւ ցնծութեան պահուն՝ աղօթելու, օրհնուելու եւ հոգեպէս նորոգուելու նպատակով։

Պատարագը կը կատարուէր հանդիսաւոր մթնոլորտի մէջ, ուր Սուրբ Յարութեան աւետիսը կ՚արժեւորէր իւրաքանչիւր ներկայ մարդու սրտին մէջ։

 

Տօնին առթիւ քարոզեց Յունահայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Խորեն Եպիսկոպոս Առաքելեան։ Իր հուզիչ քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը մասնաւորաբար նշեց․

«Քրիստոսի Յարութիւնը ժամանակէն եւ տարածութենէն վեր աստուածային յաղթանակ մըն է, որ մարդուն կը պարգեւէ յոյս, առաքելութիւն եւ նոր կեանքի հորիզոն։ Այսօրուան աշխարհը, որ յաճախ խաւարի, վախի եւ անիմաստութեան մէջ է, կը կարօտի Յարութեան լոյսին։ Քրիստոս Իր Յարութեամբ յաղթեց մահուանը եւ բացաւ դռները անանց կենսին։ Այս սուրբ գիշերը թող վերածնէ մեր մէջ հաւատքը, սէրը, քաջութիւնը եւ նուիրումը՝ դէպի Աստուած եւ դէպի միմեանց։»

Պատարագի աւարտին հաւատացեալները, Սուրբ Հարութեան յոյսով եւ շնորհքով ներշնչուած, իրար կը ողջունեն՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց – Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի» աւանդական ողջոյնով, տուն վերադառնալով՝ իրենց հոգիներուն մէջ փայփայելով Յարութեան ցնծութիւնը եւ աստուածային մխիթարութիւնը։Այս լուսաւոր գիշերը դարձաւ հաւատքի խորացման, հոգեւոր վերակենդանացման եւ Տիրոջ սիրոյ նոր վկայութեան րոպէ մը՝ սփռուելով համայնքէն ներս իբրեւ օրհնութեան, միութեան եւ յոյսի զօրեղ պարգեւ։