image

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն կրօնաշունչ նոր հրատարակութիւններ (Լուսանկարներ)

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմէն կրօնաշունչ նոր հրատարակութիւններ (Լուսանկարներ)

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մի Մամլոյ դիւանէն վերահասու կը դառնանք, որ Թեմի հովանաւորութեամբ լոյս տեսած են ծիսական զանազան գիրքեր՝

Անցնող շաբաթներուն մասնաւոր հաղորդագրութեամբ հրապարակած էինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի լոյս ընծայած կրօնական, հոգեւոր ու ծիսական բնոյթի բազմաթիւ հրատարակութիւններու շարքը, որոնք կը միտին մեր ոգեղէն գանձերն ու աւանդութիւնները վառ պահել եւ օգտակար դառնալ ծուխերու եկեղեցական-ծիսական կեանքի առաւել կարգաւորման ու բծախնդիր կատարման: 

Այսու գրով ուրախութեամբ կու գանք ծանուցելու, թէ՝ հրամանաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, փութեռանդ աշխատասիրութեամբ Թեմի հոգեւորականաց դասի անդամներէն Լաս Վեկասի Սուրբ Կիրակոս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Սասուն Ծ. Վրդ. Զմրուխտեանի եւ մեծազնիւ մեկենասութեամբ Տէր եւ Տիկին Հայկ եւ Նորա Ադամեաններուն, Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ լոյս տեսաւ նոր հրատարակութիւն մը, Աւագ Շաբթուայ արարողութիւններէն «Խաւարման Կարգ»ը, Գրաբար, Արեւմտահայերէն, Արեւելահայերէն եւ Անգլերէն տարբերակներով: 

Խաւարման Կարգը յիշատակութիւնն  է Քրիստոսի ձերբակալման, դատապարտման եւ խաչելութեան: Արարողութեան ժամանակ Խորանին վրայ կը վառին 12 մոմեր,  որոնք կը խորհրդանշեն Քրիստոսն ու Առաքեալները:  Յուդան խորհրդանշող մոմը կը մնայ անվառ: Արարողութեան ընթացքին կ՛ընթերցուին Աւետարանէն հատուածներ, որոնք կը նկարագրեն Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ Քրիստոսի աղօթքը, Յուդայի մատնութիւնը, Յիսուսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնը, մահը, Պետրոսի երեք անգամ ուրացութիւնն ու զղջումը: Վերջին ընթերցուածի աւարտին խաւարի մէջ յայտնուած եկեղեցւոյ մէջ վառ կը մնայ միայն Յիսուսը խորհրդանշող մոմը:  Գրաբար, Արեւմտահայերէն, Արեւելահայերէն եւ Անգլերէն տարբերակներով Արեւմտեան Թեմի լոյս ընծայած «Խաւարման Կարգ» գիրքը ընտիր հրատարակութիւն մըն է, որ գործածութեան համար դիւրամատչելի է հայ հոգեւորականին, դպրապետին, սարկաւագին եւ դպիրին, նոյնիսկ մեր եկեղեցիները յաճախող հազարաւոր հաւատացեալներուն համար, որոնք գիրքի ճամբով առաւել եւս կարգապահութեամբ պիտի կատարեն խաւարման գիշերուայ հոգեպարար արարողութիւնը,  հաղորդուելով օրուայ խորհուրդին  ու պատգամին հետ: 

Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ 2023-ին նաեւ լոյս տեսաւ Ոտնլուայի Կարգը հայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով: Ոտնլուան Աւագ Շաբթուայ այն կարեւոր արարողութիւններէն է, որ տեղի կ՛ունենայ Հինգշաբթի յետմիջօրէին: Արարողութիւնը հրաշալի պատկերացումով կը խորհրդանշէ Յիսուսի սիրոյ, հեզութեան ու խոնարհութեան գերագոյն օրինակը, երբ Վերջին Ընթրիքէն ետք մէջքին ղենջակ կապեց, կոնքին մէջ ջուր լեցուց, ծունկի եկաւ Իր աշակերտներուն առջեւ եւ լուաց անոնց ոտքերը: 

Վերջապէս ուրախ ենք յայտնելու, որ դարձեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ անցած տարի լոյս տեսաւ Կիրակնօրեայ Աստուածաշնչական Ընթերցումներու գիրքի վերահրատարակութիւնը:  Մեր եկեղեցւոյ հայրերու տնօրինութեամբ Եկեղեցական սրբազան արարողութիւններուն ժամանակ Աստուածաշունչի հոգեւոր գանձերը առատօրէն կը բացուին հաւատացեալին առջեւ, որպէսզի հարստանայ ան Աստուծոյ խօսքով: Արդարեւ, կիրակնօրեայ, տաղաւար տօներու կամ սրբոց տօներու պատարագներուն համար մեր եկեղեցւոյ հայրերը ընտրած են աստուածաշնչական այնպիսի հատուածներ, որոնք կը ներկայացնեն Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրը՝ սկսելով Հին Կտակարանէն մինչեւ Նոր Կտակարան: Կիրակնօրեայ եւ տօնական առիթներով  Աւետարանական ընթերցումները նպատակ կը հետապնդեն հաւատացեալին մէջ գօտեպնդել ներքին ընկալումը մեր դաւանած ճշմարիտ հաւատքին, փրկութեան ու յաւիտենական կեանքի յոյսին: Կը հաւատանք, որ հայերէն եւ անգլերէն տարբերակներով հրատարակուած սոյն հատորը բացի ծիսական գործածութենէն նաեւ մեր տուներէն ներս  հայ հաւատացեալին համար անձնական ընթերցանութեան ճամբով Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ մտնելու հրաւէր մը պիտի հանդիսանայ:

Այլ հրատարակութիւն մըն է Թաղման Կարգ, հրատարակուած 2024-ին, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Արարողութիւնը տեղի կունենայ Աւագ Ուրբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին: Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանշական դագաղը կը զարդարուի խաչերով, խնկամաններով, մոմակալներով ու ծաղիկներով: Պահը նուիրական է եւ սուրբ, որ կ՛ենթադրէ պատրաստութիւն եւ արարողութեան հանդիսաւոր ու կատարեալ կատարում, նուիրագործուած բոլորի մասնակցութեամբ: 

Ջերմապէս յանձնարարելի է նշեալ գիրքերու գործածութիւնը արարողութեան ընթացքին եկեղեցական բոլոր սպասաւորներուն եւ հաւատացելներուն կողմէ:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի լծուած պիտի մնայ կրօնական գիրքերու հրատարակութեանց նուիրական գործին, որպէսզի առաւել եւս ճոխանայ Թեմի հրատարակչական հարուստ գանձարանը եւ բծախնդրօրէն կատարուին մեր եկեղեցական արարողութիւնները: 

 

 

Դիւան Առաջնորդարանի 

Ապրիլ 7, 2025