Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց գիտեմ, որ յանկարծ երաժշտութիւն մը, առարկայ մը, անկիւն մը եւ տեղ մը քեզ կը տանին հեռուները, եւ յիշատակներու դարակդ կը բացուի, եւ բնականաբար կը սկսիս վերյիշել բոլորը:
Այդպէս պատահեցաւ նախորդ կիրակի, երբ բարեկամիս հօր քառասունքին առիթով կը գտնուէի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Նախկին Ազգային Աբգարեան վարժարանի կառոյցը կը գտնուէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հոգեհանգիստէն ետք թաղականութիւնը հրաւիրեց սուրճի, եւ ուղղուեցանք գրասենեակ մը:
Հազիւ ներս մտած` ամբողջ էութիւնս տակնուվրայ եղաւ, որովհետեւ թաղականութեան գրասենեակը նախկին Ազգային Աբգարեան վարժարանի տնօրէնին գրասենեակն էր:
Լուսանկարը բաւական խօսուն եւ բարացուցական է, իսկ անկարելի է, որ տարիներով այս գրասենեակը մտած անձ մը չվերյիշէ այս բոլորը:
Գրադարանը, գիրքերը, աթոռները, սեղանը, մրցանակները, նկարները…
Երկու պատկերներ ուրուագծուեցան աչքիս դիմաց…
Առաջինը 1980-ական թուականներուն` իբրեւ Համազգայինի Հայագիտականի ուսանող, Երուանդ Փամպուքեանէն եւ Մանուշակ Պոյաճեանէն յանձնարարագիր նամակով մը գացի Ազգային Աբգարեան վարժարան: Քարտուղարուհին ըսաւ, որ պրն. Գրիգոր Նգրուրեանը ժողովի մէջ էր, պէտք էր սպասէի: Գրեթէ մէկ ժամ սպասելէ ետք, երբ կրկնեցի, որ հանդիպումի համար հոն եմ եւ ըսի, թէ Ե. Փամպուքեանին կողմէ եկած եմ, Գրիգոր Նգրուրեանը դուռը բացաւ` ձեռքը ծխախոտ, մտայ ներս, ուր ծուխն ու մուխը տիրական էին, եւ ուր նստած էին Երուանդ Տեմիրճեանը, Յովհաննէս Քէլէշեանը, Անդրանիկ Ուրֆալեանը եւ Գէորգ Գանտահարեանը:
Կիրակի օր այդ պատկերը աչքիս առջեւ եկաւ, եւ այսօր այս գրասենեակը պատերը վկան են անոնց տագնապներուն, վէճերուն, հարցերու մօտեցման եղանակին:
Անցանք եւ հասանք 2003 թուական, երբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետի պաշտօնին դիւանին հետ ներկայ գտնուեցայ տնօրէններու ժողովին` Գեղանի Էթիէմէզեանի տնօրէնութեան օրերուն: Ամբողջ օրակարգը ուսուցիչներու յետնեալ ամսականները ապահովելու մտահոգութիւնն էր: Բոլոր տնօրէններն ալ մտահոգ էին դպրոցներու նիւթական դժուար կացութեամբ, սակայն, ի պատիւ իրենց եւ ուսուցչական կազմին, այդ դժուարութիւնն ալ օրին կրցանք յաղթահարել:
Սակայն Գեղանի Էթիէմէզեանի նոթագրութիւնները, հարցերուն իր տագնապով մօտեցումը, ամէն բան նուրբ ձեւով ներկայացնելու ոճը դարձեալ իմ յիշատակներուս ալիքը բարձրացուցին: Յիշատակը անթառամ մնայ միշտ` Ազգային Աբգարեան վարժարանի պատերէն ներս եւ անոնցմէ անդին:
Այսպէս յուզումնախառն պահեր ապրեցայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ գօտեպնդուած զգացի, որ այդ սերունդներուն շունչով եւ օրինակով տակաւին կը տոկանք մինչեւ օրս: Ամէն մէկը իր լուման ներդրեց, եւ բոլորը միասին նոյն նպատակին ծառայեցին` անանձնական եւ մեծ զոհողութեամբ:
Բոլորին վարձքը կատա՛ր:
Յակոբ Լատոյեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն