image

Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցն է

Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցն է

Այս տարի կը լրանայ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցը: 

Վաղ առաւօտէն մարդիկ սկսած են այցելել Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղիկներ կը դնեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Չնայած ապրիլի 24-ը կը համարուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր, սակայն հայերու ջարդերն սկսած են 19-րդ դարու վերջը, երբ 1892-1923 թուականներուն Թուրքիոյ կառավարող շրջանները` սկիզբը Համիտեան Թուրքիան, ապա Երիտթուրքերու կառավարութիւնը, կազմակերպեցին ցեղասպանութիւն, որու հետեւանքով զանգուածային տեղահանութեան ենթարկուեցաւ եւ բնաջնջուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան նահանգներու հայ բնակչութիւնը։

Գլխատուած է մտաւորականութիւնը. 24 ապրիլ 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուած եւ աքսորի ճամփուն սուրէ անցած են 600 հայ մտաւորականներ, վիճակագրական տուեալներու համաձայն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ կոտորուած է 66 քաղաքներու եւ մօտ 2500 գիւղերու հայ բնակչութիւն՝ մօտ 1.5 միլիոն մարդ։ Թալանուած եւ աւերուած է 2350 եկեղեցի ու վանք։ Ոչնչացուած է 1500 դպրոց ու վարժարան։

1919-1920 թուականներուն Փարիզի խաղաղութեան համաժողովին հրապարակուած է հայութեան պատճառած վնասի չափը՝ 14 միլիառ 598 միլիոն 510 հազար ֆրանկ արեւմտահայութեան, իսկ արեւելահայութեան՝ 4 միլիառ 532 միլիոն 472 հազար ֆրանկ:

1965 թուականին ապրիլ 24-ին Խորհրդային Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցան ցոյցեր, որոնց մասնակիցները պահանջեցին ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ամէն տարի՝ ապրիլ 24-ին, հարիւր հազարաւոր հայերու սգոյ երթը լուռ կը շարժի դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող, ծաղիկներ կը խոնարհուի շուրջ 1,5 միլիոն զոհերու յիշատակին: