image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան «Սադրիչ գործելակերպ»  անուանեց դրօշ այրելու երեւոյթը 

Փաշինեան «Սադրիչ գործելակերպ»  անուանեց դրօշ այրելու երեւոյթը 

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սադրիչ եւ հրահրող գործելակերպ համարած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշներն այրելը։ Այս մասին ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Նազելի Բաղդասարեանը գրած է ընկերային ցանցի իր էջին։

Ապրիլ 23–ին` Հայոց ցեղասպանութեան 110–րդ տարելիցի նախօրէին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպած էր աւանդական ջահերով երթ, որու մեկնարկէն առաջ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ վառած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները։

«ՀՀ վարչապետ Փաշինեանը դատապարտում է այդ գործելակերպը`այն համարելով անպատասխանատու եւ անընդունելի։ Միջազգայնօրէն ճանաչուած պետութեան, առաւել եւս հարեւան պետութիւնների դրօշների այրումը պետութեան ղեկավարի կողմից չի կարող այլ վերաբերմունքի արժանանալ։ Դա սադրիչ եւ հրահրող գործելակերպ է»,– գրած է Բաղդասարեանը։

Միեւնոյն ժամանակ վարչապետ Փաշինեան դատապարտած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Սիւնիքի մարզի Խոզնավար գիւղի բնակելի տան ուղղութեամբ արձակուած կրակոցները եւ Ատրպէյճանի ԶՈւ–ի կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտումները։

ՀՀ վարչապետն Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ըրած է քննութեան առնելու այդ դէպքերը եւ հանդէս գալու պարզաբանումներով։