image

Reuters. Հայաստանի սպառազինութեան գրեթէ կէսը՝ Հնդկաստանէն է 

Reuters. Հայաստանի սպառազինութեան գրեթէ կէսը՝ Հնդկաստանէն է 

Հնդկաստանը Հայաստանին մատակարարած է 2022-2024 թուականներուն երկիր ներկրուած ողջ զէնքի 43%-ը։ Այս մասին յայտնած է Reuters-ը՝ յղում ընելով Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային խնդիրներու հետազոտութեան հիմնարկի (SIPRI) տուեալներուն։

«SIPRI-ի տուեալներով՝ 2022-2024 թուականներուն Հայաստանի կողմէ ներկրուած սպառազինութեան ընդհանուր ծաւալի 43%-ը եկած է Հնդկաստանէն», – նշուած է հրապարակման մէջ։

Վերջին տարիներուն Հնդկաստանը դարձած է Հայաստանի զինուած ուժերու զէնքի հիմնական մատակարարը։ Ինչպէս աւելի վաղ գրած էին հնդկական լրատուամիջոցները, կողմերը հարիւրաւոր միլիոն տոլարի պայմանագրեր կնքած են 2022-2023 թուականներուն։ Պայմանագրերու շրջածիրէն ներս Նիւ Տելհին արդէն փոխանցած է կամ կը պատրաստուի Հայաստանին փոխանցել համազարկային կրակի հակազդող համակարգեր, ինքնագնաց հաուպիցներ, ՀՕՊ համակարգեր եւ տարբեր զինամթերք։