image

Լիբանանի քաղքց. պատերազմ. Չպէտք է մոռնալ անձնուրաց անհամար հերոսները...

 Լիբանանի քաղքց.  պատերազմ. Չպէտք է մոռնալ անձնուրաց անհամար հերոսները...

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի յիսունամեակի առիթով, այս տարի, նախորդներէն աւելի մելան հոսուեցաւ կարծէք. երեւի պատճառը կլոր ամեակի մը զուգադիպութիւնն է, ոչ աւելի։ Այլապէս ինչո՞ւ նախորդ տարիներուն այսքան շռայլ չէր նշուած այս չարաբաստիկ («ուղուրսուզ») թուականը։ Մեզի ինչ։ 

Սակայն մեզի ինչ է՛ այն, որ տեղ մը, պէտք է յիշելէ եւ նշելէ անդին, այդ սեւ օրով սկսած պարերազմի օրերու սպիտակ հրեշտակները՝ յուսահատութիւնը վերածնունդի վերածողները՝ անուս բայց մէկական գիտնականները, անտաշ բայց անձնուրաց անհամար հերոսները, գետնի վրայ արիւն եւ քրտինք թափած խենթերը, իրենք զիրենք գերազանցելով իրենց շրջապատը-հաւաքականութիւնը քաջութեան պսակին արժանացնողները, եւ այդ պսակով մինչեւ այսօր այդ հաւաքականութեան յարգանք վաստակողներու փաղանգը, ողջերը եւ մահացածները անոնց, պատերազմը իբր խաչ ուսին վրայ շալկող սերունդը, պէտք է ունենայ իր վաւերական եւ փաստերու վրայ հիմնուած կենսագրական պատմութիւնը, օրագրութիւնը, ժամանակագրութիւնը։

Ասոնց մէջ անշուշտ պէտք չէ ըլլան պարտականութենէն փախուստ տուողները, պէտք չէ ըլլան պատերազմի օրերուն նիւթականով հարստացողները, ոչ ալ (բաց կապոյտ) «բաթելեֆան» տաբատ-տախըմով «ինդելեկենտներ»ը։

Վաւերագրական այս փաստագրութիւնը պէտք է յաւերժացնէ պատմութիւնը անոնց՝ որոնք մինչեւ վերջին վայրկեան մնացին պատնէշի, պարտականութեան վրայ։ Ո՛չ միայն անոնց որոնք տուին իրենց ամենաթանկը՝ իրենց կեանքը, որ (որոշ չափով) գրի առնուած եւ այդպէս անմահացած են վաստակած ըլլալով նահատակութեան դափնեպսակ, այլ միւսներունը՝ որոնք տուին իրենց ոտքը, ձեռքը, ականջը, աչքը, այլոց՝ որոնք տուին իրենց զաւակներուն ապահովութեան համար խնայուած դրամը, եւ բոլոր տղոց՝ որոնք տուին իրենց ժամանակը՝ իրենց երիտասարդութե՛ան ժամանակը... գիշերեցին ցերեկը, եւ ցերեկցուցին գիշերները, բացին փակ ճամբաները, փակեցին առնէտներու որջերը. տուին անսակարկ, տուին ամէն ինչ, միայն պաշտպանելու համար լիբանանահայութիւնը։

Եւ, մի՛ւս միւսներուն պատմութիւնը պէտք է գրուի.- անոնց, որոնք հազար զրկանքով, պայքարեցան եւ պահեցին հայ դպրոցը, թերթերը, եկեղեցին, միութիւնները, եւ անոնց... որոնք դուրս ելան, եւ դեռ չվերադարձան...