Թիֆլիսի մէջ մեկնարկած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու հանդիպումը՝ նուիրուած տարածաշրջանային համագործակցութեան հեռանկարներուն:
Հայկական կողմը բանակցութիւններուն կը ներկայացն Վահան Կոստանեանը, Վրաստանը՝ Լաշա Տարսալիան, Ատրպէյճանը՝ Էլնուր Մամետովը, յայտնած է «Սփութնիք» գործակալութեան վրացական ծառայութիւնը:
Այսօր ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտնած էր, որ Թիֆլիսի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու տեղակալներու եռակողմ հանդիպում՝ նուիրուած տարածաշրջանային համագործակցութեան հեռանկարներուն: