Ռուսիոյ Դաշնութիւն աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեան 26 օգոստոսին հանդիպած է Ռուսիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի 1-ին տեղակալ, բանակի զօրավար Վալերի Գերասիմովին:
Վալերի Գերասիմով շնորհաւորած է Էտուարտ Ասրեանը ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ նշանակուելու կապակցութեամբ, մաղթած արդիւնաւէտ ու արգասաբեր աշխատանք՝ ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան:
ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետն իր ռուս գործընկերոջ ներկայացուցած է վերջին շրջանին հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ արձանագրուած զարգացումները եւ այս պահուն տիրող իրադրութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեանն առնչուող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է ՀՀ զինուած ուժերու արդիականացմանն ու բարեփոխումներու ընթացքին:
Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր: