image

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բանակի շտապի պետերը կարեւոր քննարկումներ ունեցան

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բանակի շտապի պետերը կարեւոր քննարկումներ ունեցան

Ռուսիոյ Դաշնութիւն աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-մայոր Էտուարտ Ասրեան 26 օգոստոսին հանդիպած է  Ռուսիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, պաշտպանութեան նախարարի 1-ին տեղակալ, բանակի զօրավար Վալերի Գերասիմովին:

Վալերի Գերասիմով շնորհաւորած է Էտուարտ Ասրեանը ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ նշանակուելու կապակցութեամբ, մաղթած արդիւնաւէտ ու արգասաբեր աշխատանք՝ ի շահ Հայաստանի Հանրապետութեան:

ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետն իր ռուս գործընկերոջ ներկայացուցած է վերջին շրջանին հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ արձանագրուած զարգացումները եւ այս պահուն տիրող իրադրութիւնը: 

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեանն առնչուող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է ՀՀ զինուած ուժերու արդիականացմանն ու բարեփոխումներու ընթացքին:

Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող հարցեր: