image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին 2 Հոկտեմբերին. ԱԳՆ

 Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները պիտի հանդիպին 2 Հոկտեմբերին. ԱԳՆ

Հոկտեմբեր 2-ին Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող սադրանքներուն՝ հայկական կողմը պիտի մասնակցի հանդիպման։ Ուստի անհիմն են Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւններն առ այն, որ Հայաստանը կը փորձէ խափանել բանակցութիւնները։ Հայաստանը, ինչպէս նախապէս, այժմ ալ կառուցողական է՝ նպատակ ունենալով հասնելու տեւական խաղաղութեան Հարավային Կովկասի մէջ, եւ նոյնը կ'ակնկալէ Ատրպէյճանէն։