Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի հետ։ Ալեն Սիմոնեանի նախաձեռնած հերթական հեռախօսազրոյցի ընթացքին գործընկերները քննարկած են Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։
Արցախի ԱԺ նախագահը մանրամասնութիւններ հաղորդած է վերջին օրերուն վերաբերող զարգացումներէն։
Զրուցակիցներն անդրադարձած են ճգնաժամի հետեւանքով ստեղծուած դրութենէն համատեղ լուծումներ գտնելու միջխորհրդարանական հնարաւորութիւններուն։