image

Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահները հեռախօսազրոյց ունեցած են

Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահները հեռախօսազրոյց ունեցած են

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի հետ։ Ալեն Սիմոնեանի նախաձեռնած հերթական հեռախօսազրոյցի ընթացքին գործընկերները քննարկած են Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։

Արցախի ԱԺ նախագահը մանրամասնութիւններ հաղորդած է վերջին օրերուն վերաբերող զարգացումներէն։

Զրուցակիցներն անդրադարձած են ճգնաժամի հետեւանքով ստեղծուած դրութենէն համատեղ լուծումներ գտնելու միջխորհրդարանական հնարաւորութիւններուն։