image

Հայաստանի բնակչութեան թիւին մէջ նուազում

Հայաստանի բնակչութեան թիւին մէջ նուազում

1 հոկտեմբեր 2016-ի դրութեամբ` ՀՀ մշտական բնակչութեան թիւը կազմած է 2 993 900 մարդ. նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, ցուցանիշը նուազած է 10 100-ով: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ՝ Կարինէ Գույումճեանը:

Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ այս տարի սահմանային գրանցումներուն մէջ ելքերը գերազանցած են մուտքերուն, ուր մուտքերուն թիւը եղած է 2 075 877, իսկ ելքերունը` 2 162 523:

Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետի համաձայն, քաղաքային բնակչութեան թիւը նուազած է 6300-ով, իսկ գիւղականինը` 3800-ով: Ան նաեւ նշած է, որ բնակչութեան աճը կազմած է 9400 մարդ: