«Կրթութիւնն ու երիտասարդութիւնը յոյսի փարոս ու աղբիւր են մեր ազգի ու եկեղեցու համար։ Անոնք մեր լուսապայծառ ապագան կ՛երաշխաւորեն մեզ առաջնորդելով դէպի նաւահանգիստը խաղաղութեան ու անդորր կեանքին: Թէ՛ Հայաստանի մէջ թէ Թեմական մակարդակով մեր երիտասարդութեան բարձրագոյն ուսումը, մասնագիտական ու նորարարական ծրագիրները ու մրցունակ ոգին պիտի կերտեն Հայրենիքի ու հայկական սփիւռքի վաղուայ լուսահրաշ ապագան»։
Յովնան Արք․ Տէրտէրեան
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը մեր հաւաքական կեանքէն ներս գերագոյն արժէքներու, Աւետարանի բացատրութեամբ՝ սրբազան գանձերու շարքին կը նկատուին կրօնական ու հայեցի կրթութիւնը եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Թեմական մակարդակով մասնաւոր կարեւորութիւն կ՛ընծայէ ուսումնակակրթական զանազան կառոյցներու ու ծրագիրներու։ Սրբազան այս նախաձեռնութիւններու ու կառոյցներու գոյութեան պատճառը՝ ամերիկահայ աշակերտին ու երիտասարդին հոգին պայծառացնել է մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ու բարոյական սկզբունքներով, միտքը ծաղկեցնել է մեր ժողովուրդի ոգեղէն ու մշակութային արժէքներով, ողջ էութիւնը կազմաւորել է մեր ազգային ձգտումներով անոր մէջ կերտելով վաւերական քրիստոնեայի ու ճշմարիտ հայու նկարագիրը։ Իսկ Հայրենիքէն ներս տարուած աշխատանքները բնականաբար կը միտին զարկ տալ գիտութեան զարգացման եւ հայ երիտասարդին իր նպաստը բերելու հայրենաշինութեան նուիրական գործին։
Արդարեւ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտրրեանը եւ Թեմի հովանու ներքոյ գործող բոլոր եկեղեցիներն ու կառոյցները յատուկ լրջութեամբ, խոր երկիւղածութեամբ ու սրբազան նախանձախնդրութեամբ կը մօտենան եւ կը կազմակերպեն ուսումնական բազմազան նախաձեռնութիւններ ու ծրագրեր, որոնք Առաջնորդարանի հոգեւոր, հովուական, հրատարակչական թէ շինարարական եւ այլ ծրագիրներու կողքին նշեալ հաստատութիւնները կը համարուին հայակերտումի եզակի հարթակներ, ամերիկահայ պատանիին ու երիտասարդին, ապագայ հայ ընտանիքին մէջ վար պահելու մեր հոգեմտաւոր արժէքները։ Շնորհիւ Առաջնորդ Սրբազանի ջանքերուն այսօր իրենց Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցները իրենց հայաբոյր մթնոլորտով դարձած են այն միջավայրը, ուր հայը կարողացած է անաղարտ պահել իր հոգեւոր, մտաւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու անկորնչելի գանձերը։ Անցնող տասնամեակներու ընթացքին Արեւմտեան Թեմէն ներս ուր որ եկեղեցի մը շինուեցաւ քովը նաեւ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոց մը բացուեցաւ։ Եւ այսօր, Արեւմտեան Թեմի գրեթէ բոլոր ծուխերէն ներս ներս եկեղեցիներու կողքին դպրոցներ ունինք, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է հայ լեզուի ու դպրութեան նկատմամբ մեր հաւատաւոր ժողովուրդին ունեցած նախանձախնդրութեան ու ակնկալութեան։ Իսկ Արեւմտեան Թեմի Հայաստանի մէջ կրթական ծրագրերու առաքելութիւնները արդիւնաւէտ ընթացքը նոր մղումով ու թափով կը շարունակուի, երաշխաւորելով մեծ թիւով երիտասարդներու բարձրագոյն ուսման բարեյաջող ընթացքը եւ փայլուն ապագան։
Ստորեւ ամփոփ կերպով մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը ներկայացնենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ Հայաստանի մէջ թէ Թեմական մակարդակով կրթական ոլորտէն ներս ուսումնական մեծածաւալ աշխատանք եւ իրականացած կամ ընթացքի մէջ գտնուող բազմաթիւ ծրագրերը, որոնք մշտապէս ուշադրութեան եւ հոգածութեան առանցքը կը կազմեն Թեմի ժողովականութեան, հոգեւորականաց դասին ու հաւատաւոր մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
«ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
«Յովնան Արք. Տէրտէրեան Կրթաթոշակ» Հիմնադրամը (The Archbishop Hovnan Derderian Scholarship Fund), ստեղծուած է 2013-ին, հիմնական նպատակ ունենալով աջակցել Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական դպրոցներուն եւ սաներուն, այն համոզումով, որ իւրաքանչիւր հայ աշակերտ հայկական դպրոցէ հայեցի կրթութիւն ստանայ։ Հիմնադրամը արդարեւ կ՛օգնէ ֆինանսական կարիք ունեցող ընտանիքներու զաւակներուն երաշխաւորելով հայ ուսանողներուն կրթաթոշակային նիւթաբարոյական աջակցութիւնը, անցնող աւելի քան տաս տարիներու ընթացքին վերածուելով մնայուն հիմնադրամի։
«ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ» (FRIENDS OF YSU)
2024 թուականի Յուլիսի 30-ին ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, Առաջնորդարանէն ներս հաստատուեցաւ «Երեւանի Պետական Համալսարանի Բարեկամներ» (Friends of YSU) բարեսիրական հիմնադրամը մասնակցութեամբ ԵՊՀ ղեկավարներուն եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրերու։ Հիմնադրամը նպատակ ունի զանազան միջոցներով աջակցելու ԵՊՀ կրթական ու գիտական ծրագրերուն եւ այդ կերպ նաեւ՝ Հայաստանի զարգացմանը։ 2023 թուականին Արցախեան բռնի տեղահանութենէն ետք Արեւմտեան Թեմը հովանաւորութեամբ Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Հօր իր աջակցութիւնը բերաւ ԵՊՀ-ին՝ մասնակի փոխհատուցելով հարիւրաւոր արցախցի ուսանողներու ուսման վճարները։ Սոյն հիմնադրամը ոսկեկամուրջ հանդիսացաւ Թեմի ու ԵՊՀ-ի, ուսանողութեան ու Հայաստանին միջեւ։
FAST
FAST (Foundation for Armenian Science and Technology) կազմակերպութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի եւ արտասահմանի հայազգի թեկնածուներուն, որոնք կը ցանկան գիտահետազօտական իրենց ուսումնասիրութիւնը շարունակել ՝ STEM-ի հետ կապուած ոլորտներէն ներս։ Ծրագիրը ուսանողներուն կը տրամադրէ ֆինանսական եւ էական միջոցներ՝ անոնց հնարաւորութիւն տալով կեդրոնանալու իրենց հետազօտական ոլորտներուն վրայ եւ իրենց նպաստը ունենալ համաշխարհային կամ տեղական տնտեսութեան զարգացման վրայ: FAST-ի հիմնական նպատակներէն է նաեւ Հայաստանի մէջ «արհեստական բանականութեան» (AI) ոլորտի մասնագէտներու պատրաստութիւնը, որուն միտուած է «AI սերունդ» ծրագիրը կրթութեան բոլոր մակարդակներու վրայ։ Միանալով FAST-ի ծրագրին, այդպիսով Արեւմտեան թեմը կը դառնայ արդի գիտարուեստական առաջընթացի քաջալերողն ու աջակիցը։
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆ (AUA)
2019 Դեկտեմբերէն սկսեալ Արեւմտեան Թեմը Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) որպէս «հիմնասիւն» (Pillar of AUA), «Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան կրթաթոշակային հիմնադրամ»ի միջոցով իր նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը կը բերէ համալսարանի տարբեր ծրագիրներուն։ ՀԱՀ-ի 100 Սիւներ խումբը կազմուած է 100 նուիրատուներէ, որ հիմնադրութեան առաջին հինգ տարիներու ընթացքին 50 հազար եւ աւելի ամերիկեան տոլար նուիրաբերեցին համալսարանին։ ՀԱՀ-ին յատկացուած գումարներուն շնորհիւ հնարաւոր կը դառնայ բարձրակարգ դասախօսներ հրաւիրել, ռազմավարական կրթական նոր ծրագրեր մշակել։
ՀԱՌԻՃԱՎԱՆՔԻ ԹՐԲԱՆՃԵԱՆ ԸՆԾԱՅԱՐԱՆ
2012 թուականէն սկսեալ Արեւմտեան Թեմը, իր գլխաւոր բարերարներէն Ջերալդ եւ Փաթրիսիա Թրբանճեաններու հովանաւորութեամբ, ամբողջութեամբ նորոգեցին եւ վերականգնեցին Հառիճավանքին համալիրն ու Հառիճավանքին կից պատմական ընծայարանի լսարանական ու հանրակացարանային մասնաշէնքերը, արդի բոլոր պահանջներուն համապաստասխան։ Այդպիսով Հառիճավանքի Թրբանճեան ընծայարանը բոլորովին նոր կարգավիճակով, այսօր ուսանողներուն կը մատուցէ հայեցի ու հոգեւոր կրթութիւն, շրջանաւարտներուն հնարաւորութիւն տալով իրենց հոգեւոր բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակելու Մայր Աթոռէն ներս։ Այսօր Ընծայարանը Արեւմտեան Թեմի եւ անձամբ Առաջնորդ Սրբազանի մնայուն ուշադրութեան առանցքը կը կազմէ, Հայաստան կատարած իր այցելութիւններու ժամանակ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոսը բազմիցս է այցելած ընծայարան։
ՇԱԲԱԹՕՐԵԱՅ ԵՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐ
Արեւմտեանէն Թեմէն ներս մեծ է Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն դերը, որոնք կոչուած են հոգեւոր արժէքներով հարստացնելու ամերիկահայ պատանիի եւ երիտասարդի հոգին, նպաստելու մարդակերտութեան ու հայակերտութեան վսեմ գործին, մեր զաւակները գիտակ դարձնելու մտաւոր ու բարոյական զարգացման, վերջապէս առօրեայ կեանքի մարտահրաւէրներուն պատրաստ ըլլալու կարեւորութեան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան մեծապէս կը գնահատէ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն պատասխանատուներու եւ ուսուցիչներու նուիրական աշխատանքը, որոնք նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմաւորման առնչութեամբ ունին իրենց կարեւոր տեղն ու դերը: Իսկ Շաբաթօրեայ դպրոցներու միջոցով մեր զաւակներուն կը փոխանցուի ազգային ոգին, այնտեղ կը կերտուի վաւերական հայը, որ ձեռք կը բերէ ազգային սրբազան արժէքներու, պատմութեան ու հայոց մեծերու ճանաչողութիւնը եւ այնպիսի գիտելիքներ, որոնք կը նպաստեն անոր ինքնութեան զօրացման` երաշխաւորելով նաեւ հետագայ ներգրաւումը համայնքային ու ծխական ծառայական կեանքին մէջ: Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներու կողքին Շաբաթօրեայ, Կիրակնօրեայ եւ նոյնիսկ ամենօրեայ դպրոց ունենալու անհրաժեշտութիւնը կը հետապնդէ անվտանգ պահել հայու մաքուր նկարագիրը, Աւետարանական ուսուցումներուն նկատմամբ իմացութիւնը եւ խորացնել սէրը հայ լեզուին նկատմամբ ու պատմութեան ճամբով ամերիկահայ նորահաս սերունդը կապել Հայրենիքին՝ Հայաստանին, ուխտելով հաւատարիմ մնալ մեր նախնեաց կտակին ու պատգամին: Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեան առաւել զարկ ու լրջութիւն տալու նպատակով Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ Առաջնորդարանին ճամբով տարուայ ընթացքին կը կազմակերպուին բազմիւ վերապատրաստման ու վերաորակաւորման դասընթացքներ` առաւել հզօրացնելու համար Շաբաթօրեայ, Կիրակնօրեայ եւ ամենօրեայ դպրոցներու առաքելութիւնը եւ շեշտելու ուսուցչական կազմերու գնահատելի ու վճռորոշ դերը մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման ու տարածման գործին: Վերջապէս, կ՛ուզենք յայտնել, որ անցնող տարիներուն մասնաւոր մանկավարժական գիրքերու հրատարակութեան զուգահեռ Առաջնորդարանը պատրաստեց նաեւ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու համար օգտաշատ կրթական եւ դաստիարակչական ծրագրեր (curriculum), որոնք կը միտին ներդաշնակ ու կազմակերպուած կերպով կատարել ուսուցումները։
Ինչպէս ընտանիքը, եկեղեցին ու հայրենիքը սիրելի են բոլորիս համար, նո՛յնը պէտք է ըլլան նաեւ ուսումնական մեր կառոյցները։ Արեւմտեան Թեմը յանձնառու է, որ ազգին միջնաբերդը, մեր ազգային ինքնութեան աղբիւրը, մեր յաւերժութեան երաշխիքը՝ ուսումնական հաստատութիւնները մեր հաւաքական աշխատանքով ու նուիրումով պահենք հզօր, որպէսզի անոնցմով որպէս ազգ ու եկեղեցի դառնանք աւելի՛ հզօր։
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի ամնիջական հովանաւորութեամբ գործող Յովսէփեան վարժարանը Ամերիկայի ափերուն ապրող հայ աշակերտներուն եզակի առիթ ընձեռեց սորվելու իրենց մայրենի լեզուն, հաղորդուելու մեր պատմութեան մեծապայծառ դէմքերուն հետ եւ ծանօթանալու հայոց գրականութեան:
Փասատինային կրթական կարեւոր կարոյցներէն կը համարուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած եւ անոր անմիջական հովանաւորութիւնը վայելող Յովսէփեան ամէնօրեայ վարժարանը, որ աջակցութեամբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ շրջանի հայութեան 1983 թուականին սկիզբ կ՛առնեն շինարարական աշխատանքները, որոնք իրենց աւարտին հասնելով 1984-ին պաշտօնապէս կ՛ընդունին ուսոանողութեան առաջին սերունդը։ Անցնող տարիներուն, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան, Թեմի ժողովականութիւնն ու Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովութիւնը ոչ մէկ ջանք չխնայելով ի խնդիր մայրենի Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքի պահպանութեան, իրենց լայնածաւալ առաքելութեան զուգահեռ, օրակարգի կիզակէտ կը դարձնեն Յովսէփեան ամէնօրեայ վարժարանը, սերունդներու հայապահպանութեան հարցը եւ ոսկեղնիկ մեր լեզուի ուսուցումը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափերուն վրայ գնահատելի ջանադրութեամբ եկեղեցի եւ դպրոց կառուցել, լեզու եւ մշակոյթ պահել, կը նշանակէ մեր նոր սերունդի զաւակներուն մէջ կենդանի ու կանգուն պահել մեր դարաւոր հաստատութիւնները:
Նկատի ունենալով մեր համայնքէն ներս աշակերտներու թուաքանակի աւելացումը եւ ըստ այդմ նոր դպրոցներ հիմնելու անհրաժեշտութիւնը, Արեւմտան թեմը նախաձեռնած է ամենօրեայ երկու նոր դպրոցներու ստեղծում։ Յառաջիկային տեղի պիտի ունենան Կլենտէյլի եւ Լաս Վեկասի եկեղեցիներուն կից հայկական ամենօրեայ վարժարաններու հիմնարկէքը, որոնք յառաջիկային նոյնպէս պիտի ընդունեն հայ սաներուն հայեցի կրթութեան համար։
Փա՛ռք ու պատիւ` դպրոցներու հիմնադիրներուն եւ առաջին եւ իրերայաջորդ տնօրէններուն, ուսուցչական անձնակազմերուն, եւ` բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով կարելի եղաւ իրագործել դպրոցաշինութեան դժուար սակայն նուիրական գործը:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը լրջօրէն կը ծրագրէ եւ նախապատրաստական անհրաժեշտ աշխատանքներ կազմակերպած է յառաջիկայ շրջանին Լաս Վէկասի եւ Կլէնտըլի մէջ կառւեցելու ամէնօրեայ վարժարաններ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ հետ միասին պիտի մնան անխախտ խարիսխները մեր հաւատքին, մեր գոյութեան ու գոյատեւման։
Դիւան Առաջնորդարանի
Յուլիս 25, 2025