ՈՒԵՖԱ Ազգերու լիկայի խմբային փուլի առաջին մրցաշարքին Հայաստանի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ մրցակցեցաւ Իրլանտայի ընտրանիին հետ եւ 1-0 հաշիւով յաղթանակ տարաւ։
Առաջին կէսը մեր հաւաքականի ֆութպոլիստները աշխոյժ սկսան, նոյնիսկ երկու անգամ սպառնացին մրցակիցի դարպասին, բայց այդպէս ալ չգրաւեցին այն։
Իրլանտացիները եւս յայտնուեցան մեր կիսադաշտը փորձելով Եուրչենքոյի ջիղերը, բայց աւելի քիչ։
Այսպիսով, առաջին կէսէն յետոյ արդիւնքը զէրօներ մնաց։
Մրցավարի սուլիչէն յետոյ երկրպագուներէն մէկը ներխուժեց մարզադաշտ եւ գրկեց Վարազդատ Հարոյեանը․ վերջինս հանեց մարզաշապիկը՝ նուիրելով այն երկրպագուին։
Երկրորդ կէսի սկզբնամասին՝ 49-րդ վայրկեանին, Վարազդատ Հարոյեան Յովհաննէս Համբարձումեանի փոխանցումէն յետոյ գրաւեց մրցակիցին դարպասը, բայց մրցավարը խաղէն դուրս վիճակ արձանագրեց։ 5 րոպէ ետք կրկին Համբարձումեանի փոխանցումէն յետոյ Տիգրան Բարսեղեան վտանգաւոր պահ ունեցաւ, բայց հեռուէն կատարած հարուածը քիչ մը շեղեցաւ։
Ի վերջոյ, 74-րդ րոպէին Էտուարտ Սպերցեան հեռահար բացառիկ հարուածով գրաւեց իրլանտացիներուն դարպասը՝ յաղթանակ պարգեւելով մեր խումբին։