image

Հայաստան Սփիւռք հեռանկարներ - Ո՞ւր ենք, ո՞ւր պիտի ըլլային եւ ո՞ր կ՝երթանք

Հայաստան Սփիւռք հեռանկարներ - Ո՞ւր ենք, ո՞ւր պիտի ըլլային եւ ո՞ր կ՝երթանք

Հսյաստանի անկախութենէն ի վեր, Հայաստանի պետութիւնը սփիւռքահային նկատեց օտարերկրացի եւ ոչ Հայ : Ուստի Հայ չնկատուեցան 7-8 միլիոն սփիւռքահայութիւնը որպէս հայութեան հիմնական մասնիկը, այլ ոչ հարազատ տարր , որ կը շարունակուի մինչեւ օրս: Հայաստանի պետութիւնը Հայ կը նկատէ միայն Հայաստանի հողի վրայ ծնած եւ ապրողները որ հիմնականօրէնսխալ է :

Ի՞նչ իմաստ ունի «Հայաստան բոլոր հայերու հայրենիքն է» կամ  «Աշխարհի վրայ 10-11 միլիոն Հայ կ՝ապրի» արտայայտութիւնը երբ Հայաստան չապրող հայերու ոչ մի իրաւասութիւն չի տրուիր պետականպաշտօններու մէջ , կամ ազգային հիմնարար որոշումներու մասնակից դառնալու ։

Սփիւռքահահայը ի՞նչ կարգավիճակ ունի Հայաստանի Հայի կամ պետականկառոյցի համար :

Երեսուն տարիէ Հայաստանի վարչակարգը, հակառակ տարբեր Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու, սփիւռքահայերու ներկայացուցչական օրինական պաշտօն չտրամադրեց։

Անտրամաբանական եւ ոչ ողջամիտ անձի խօսք է երբ Հայաստանի ներկայ օրէնքներով «Եկէք ձեր հայրենիքը» կ՝ըսուի ։

Սփիւռքահայուն «Իր հայրենիքի» համապատասխան օրէնքներ չկանՀայաստանի մէջ :

Անհրաժեշտ է սփիւռքահայերու համար՝

1- Հաստատել ազգային ժողովի զուգահեռ 50-60 սփիւքահայերէ բաղկացած ներկայացուցչական պալատ , որոնք մասնակից դառնան խորհրդարանի գործունէութեան,

2- Այս ներկայացուցչական պալատի միջոցով նախարարութիւններու մէջ սփիւռքի գործօն ներկայացուցիցչներ տեղադրուին ,

3- Սոյն պալատի եւ նախարարութիւններու միջոցով ուսումնասիրուին այն մարզերը  որ  սփիւռքը իր նեդուժը պիտի տրամադրէ Հայաստանի վերելքի ապահովութեան, ինքնաբաւ գոյատեւման , արդի ռազմականացման եւ հայրենատիրութեան ։

Հայաստանի անցեալ 30 տարիներու վարչակարգերը ձախողած են եւ ներկայիս կը շարունակեն ձախողիլ , սփիւռքի կարողականութիւնն ու ներուժը Հայաստանի հցօրացման ամրապնդման եւ բարօրութեան տրամադրելու գործընթացի մէջ։ Հայաստան դժբախտաբար շարունակեց իր ոչ արդիւնաւէտ , սխալ եւ ինքնագլուխ գործունրութեան մէջ ։

Հայաստան պէտք է համահայկականօրէն կառավարուի եւ համահայկական նպատակներ իրագործելու ուղղութիւն ունենայ: 

Անցեալ եւ ներկայ վարչակարգերու գործունէութիւններէն դժբախտաբար այդ գործնական  ընթացքը չտեսանք , հակառակ շռայլ խոստումներու։

Ժամանակն է որ Հայաստան համահայկական հեռանկարի օդէնքներ հաստստուին, որպէսզի սփիւռքահայը հարազատութիւն զգալով իր հայրենիքի հանդէպ հոնհաստատուի կամ իր ներուժը տրամադրէ հայրենիքին , «Հայաստանը բոլոր Հայերու հայրենիքն է« սկզբունքի վրայ հիմնուած ։

Երկու Արցախեան պատերազմներու հողային, նիւթական եւ մարդկայինկորուստները հաւանաբար չէին իրականանար եթէ սփիւռքի նեկայացուցիչներ ըլլային Հայաստանի ազգային ժողովի մէջ։ Արցախ դիզ  մըհող չէր կորսնցներ, Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութիւնը կ՝ աւելնար, երկիրը տնտեսական, գիտական, գիւղատնտեսական, ստեղծագործական եւ արդիւնաբերական թռիչք կ՝ ունենար, նաեւ ապիկար ուանկարող անձիք պետական գլխաւոր պաշտօններ չէին կրնար գրաւել ։

Հայաստանի պետութիւնն ու բնակչութիւնը հոգեմտաւոր բարեփոխումի պիտի ենթարկուի եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ համահայկական վարչակարգի օրէնքներ հաստատէ Հայաստանի մէջ որպէսզի  սփիւռքահայն ու հայաստանաբնակ Հայը հարազատ զգան եւ հայրենատիրութեան եւ երկրի բարգաւաճման նոյն ոգեւորութեամբ, թափով գործեն ու նուիրուին։ Ներկայ օրէնքներով սփիւռքահայը ոչ հարազատտարր է իր «Հայրենիքին» մէջ: Իրաւասութիւն չէ տրուած էական հարցերու եւորոշումներու մասնակցելու. «Եկէք երկիրը զարգացուցէք  կամ ներդրում ըրէք» արտայայտութիւնը ընելէ առաջ սփիւռքահայը պիտի արժեւորուի, գնահատուի եւ Հայաստանիօրէնքները  իրեն պիտի հարմարեցուին  որպէս Հայ :

Անցեալին եւ նեկայիս  Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց ստեղծածօրէնքներով անտեսեցին եւ արհամարհեցին սփիւռքահայութիւնը եւ պետական կառուցակարգին մասնակից չդարձուցին ։ 

Արդարացում չկայ նման «հաւնոցային» մտածելակերպի եւաթոռապաշտութեան,  որուն հետեւանքով Հայաստանը մնաց թոյլ , տկար,անկազմակերպ եւ համազգային ներուժը չօգտագործած ՝ պարտուեցաւ եւ նուաստացաւ…

Եթէ 30 տարի սփիւռքը իր մասնակցութիւնը բերած ըլլար իր ներկարացուցիչներով  Ազգային ժողովի եւ նախարարութիւններու մէջ, ո՜չ քառօրեայ եւ ո՜չ ալ 44-օրեայ պատերազմը կը պատահէր:

Եթէ Հայաստանն ու իր վարչակարգը սփիւռքահայը չարժեւորէ եւ գործօն մասնակից չդարձնէ ազգային որոշումներուն, հիասթափեցնելով կը հեռացնէ զայն եւ կը կորսնցնէ  Հայ ազգի 50% -է աւելի ներուժը եւ որպէս հետեւանք ոտնակոխ կը դառնայ թուրք-ազերի  ասպատակութեան : 

Հայաստան պէտք է հրաժարի իր «հաւնոցային» մտածելակերպէն եւ աշխարհատարած  սփիւռքահայը նկատէ իր մասնիկը եւ քաղաքացիութիւն շնորհելով անոր ներգրաւէ ազգակերտման եւ հայրենատիրութեանգործունրութեան մէջ ։

Ներկայիս Հայրենիքի 7/10-ը բռնագրաւուած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ, չիրագործուած Վիլսոնեան իրաւարար վճռիտարածքը, Կարսի պայմանագրով եւ Նոյեմբեր 9/2020-ի յայտարարութեամբ բռնատիրուած հայրենի հողերը (Վանէն, Կարինէն, Տրապիզոնէն, Նախիջեւանէն, Էրզրումէն մինչեւ Շուշի եւ 7 շրջանները):

Ազգահաւաք, համախմբութիւն ու համագործակցութիւն պիտի ըլլայ Հայուն օրակարգը ։

Սփիւռքի մէջ միացեալ խորհուրդ կազմելը անհրաժեշտ չէ այս նպատակը իրագործելու համար :

Հայութեան ապագայ յաջողութիւնը մէկ էական սկզբունքի վրայ պիտի հիմնուի, որ սփիւռքահայն ու հայաստանահայը նոյն իրաւունքներն ու պարտաւոդութիւնները ունին հայութեան եւ հայրենիքի հանդէպ :

 

Դոկտ. Յակոբ Այնթապլեան