«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանը յայտարարած է, որ իշխանութեան գալու պարագային կառավարութեան առաջին նիստին պիտի ընդունին «Սաֆարովի կանխարգելման օրէնք» կոչուող նախագիծ, որով կը նախատեսուի արգիլել Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերել։
«Մենք մեր կառավարութեան հենց առաջին նիստին կ՚ընդունենք օրէնք, որն արգելում է ադրբեջանցիներին հող եւ գուք ձեռք բերել կամ դրանք որպէս նուիրատւութիւն ստանալ Հայաստանի տարածքում։ Մենք այդ օրէնքն անուանել ենք «Սաֆարովի կանխարգելման օրէնք»,- դաշինքի ներկայացուցիչներու հետ աշխատանքային քննարկման ժամանակ ըսած է Կարապետեանը։
Նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները ներկայացուցած է դաշինքի ցուցակի երկրորդ համար Արամ Վարդեւանեանը՝ նշելով, որ առաջարկուող օրէնսդրական փաթեթը կը վերաբերի Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն եւ ատրպէյճանական իրաւաբանական անձանց։
«Մենք առաջարկում ենք, որ Ադրբեջանի քաղաքացիութիւն ունեցող որեւէ ֆիզիքական կամ իրաւաբանական անձ՝ որպէս իրական շահառու, ՀՀ-ում գործունէութիւն ծաւալող, չի կարողանայ ձեռք բերել մեր երկրում որեւէ անշարժ գոյք»,- ընդգծած է ան։
Թէեւ ՀՀ Սահմանադրութիւնը կ՚ամրագր՝ «հողի սեփականութեան իրաւունքէն չեն կրնար օգտուիլ օտարերկեայ քաղաքացիները եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք, բացառութեամբ օրէնքով սահմանուած դեպքէրու», Վարդեւանեանը կը կարծէ, որ օրէնսդրութեամբ պէտք է ամրագրուի նաեւ անշարժ գոյք ձեռք բերելու արգելքը:
Վարդեւանեանը, իրենց քաղաքական խումբին մէջ ընդգրկուած անձանց նախագիծը ներկայացնելու ժամանակ, հարկ համարած է յիշեցնել, որ ով է Հունգարիոյ մէջ ՆԱԹՕ-ի դասընթացներուն մասնակցող հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին կացնահարած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը եւ թէ ինչու իրենց նախագիծը պիտի կոչուի «Սաֆարովի կանխարգելման օրէնք»: