image

«Հայաստան կու գանք, ոչ միայն օժանդակելու այլ աւելիով հայանալու».Տօքթ. Վաչէ Վասիլեան

«Հայաստան կու գանք, ոչ միայն  օժանդակելու  այլ  աւելիով հայանալու».Տօքթ.  Վաչէ Վասիլեան

Յատուկ բժշկական առաքելութեամբ մը օրերս Հայաստան գտնուող  արմատներով  լիբանանէն ,  Ֆրեզնօ  հաստատուած  Տոքթ. Վաչէ Վասիլեան երախտապարտ է, որ տարիներ առաջ հայրենիքի մէջ ուսում առած է, եւ  իր ըրած ծառայութիւնը ոչինչ կը համարէ այն բոլորի դիմաց, ինչ որ իրեն տուած է հայրենիքն ու հայրենի ժողովուրդը։ Ան համոզուած է, որ Հիմա է պահը, որ հայրենիքը իւրաքանչիւր հայու կարիքն ունի, եւ հիմա՛ է, որ հայրենիքի եւ Արցախի կողքին պէտք է ըլլանք:

Տոքթ. Վասիլեանի հայրենիքի մէջ տուած հացազրոյցներէն վերահասու կը դառնանք, որ Ֆրեզնոյի բժշկական պատուիրակութիւնը աւարտած է իր այս տարուան բարեգործական այցը Հայաստան: Ան կը պատմէ, որ եկած էին մեր ժողովուրդի կողքին ըլլալու, այդ ցաւը կիսելու եւ որոշ չափով ալ մեղմացնելու:

Խումբը Հայաստան էր Ֆրեզնոյի մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ: Սա առաքելութեան արդէն եօթներորդ այցն է՝ Հայաստան:

Ինչպէս նախապէս, այս տարի եւս, ԱՄՆ տարբեր բուժհաստատութիւններու լաւագոյն մասնագէտներով համալրուած խումբը Հայաստան եկած էր Ֆրեզնոյի մէջ բժշկական առաքելութեան խորհուրդի անդամ, ծրագրերու պատասխանատու Վաչէ Վասիլեանի գլխաւորութեամբ:

«Սա մեր հերթական առաքելութիւնն էր հայրենիքի մէջ: Խումբի կազմին մէջ 32 տարբեր մասնագէտներ էին: Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս հիմնական կեդրոնացած էինք մեր հերոս զինուորներու առողջական խնդիրներու վրայ: Ատոր համար ալ այս տարի խումբի մեծ մասը՝  14-ը, վերականգնողական բժշկութեամբ զբաղվող մասնագէտներ էին»,-«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Վաչէ Վասիլեան՝ տեղեկացնելով, որ այս անգամ խումբը աշխատած է Արմաւիրի, Լոռիի ու Շիրակի մարզերուն մէջ՝ չմոռնալով նաեւ սոցիալապէս անապահով քաղաքացիները:

«Բացի թերապեւտիկ ծառայութիւններէն, իրականացուած են նաեւ ակնաբուժական, ատամնաբուժական եւ այլ  ծառայութիւններ: Մատուցուած են ինչպէս խորհրդատուական, այնպէս ալ վիրահատական ծառայութիւններ: Մի քանի բուժհաստատութիւններու ալ բժշկական սարքաւորումներ  ու դեղորայք նուիրած ենք: Մենք գիտէինք, որ այս անգամ, աւելի քան երբեւէ, հայրենիքը մեր կարիքն ունէր»,- նշած է Վաչէ Վասիլեան:

Ան աւելցուցած է, որ իրենց կարողութիւններու ներածին չափով պիտի փորձեն կրկին աջակցիլ Հայաստանին:

«Անշուշտ, մեր առաքելութիւնը պիտի շարունակուի, արդէն ետ վերադառնալով Ֆրեզնօ՝ պիտի սկսինք ծրագրել յաջորդ այցը՝ որպէս թիրախ ունենալով Հայաստանի բնակիչներու կարիքները: Մենք Հայաստան կու գանք ոչ միայն օգնելու ու մեր ժողովուրդի ցաւերը կիսելու, այլ նաեւ կու գանք լիցքաւորուելու, կը հայանանք եւ այդ կայծը կ՛առնենք ու կը տանինք մեր հետ, ուր որ կ՛ապրինք, մինչ նոր առաքելութիւն՝ յաջորդ Սեպտեմբերին»,- ըսած է Վասիլեան։

Նշենք, որ 2015-ին առաջին անգամ Ֆրէզնոյէն բժշկական առաքելութիւնը հասաւ հայրենիք,  ֆրէզնոյի մէջ Հայաստանի պատւոյ հիւպատոս պրն․ Պերճ Աբգարեանի նախագահութեամբ եւ համագործակցութեամբ։ Մասնակիցներու խումբին թիւը հասած է մինչեւ 50 անդամներու , որոնք մասնակցած են առաքելութեան։ Մասնակիցներու գրեթէ կէսը եղած են  տեղացի ամերիկացի բժիշկներ։ Անոնք ծառայած են Հայաստանի մարզերուն եւ Արցախի մէջ։ Վերջին երկու առաքելութիւնները եղած են յատկապէս մեր վիրաւոր  զինուորներուն ֆիզիքական բուժման նպատակով։

Խումբը վերանորոգած է Աշտարակի հիւանդանոցի վիրահատարանը երկու բարերարներու նիւթական՝ 340 հազար տոլարի  օգնութեամբ։

Անթիլիասի՝ կաթողիկոս Արամ Ա․ վեհափառի  յայտարարած «Սփիւռքի տարի» ըլլալուն առիթով ալ 6 բժիշկներով մէկ թոն դեղորայք տարած են Լիբանան,  տասը օրով ծառայելու Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ։

 

Նիւթը համադրաբար ՝ «Արմէնբրէս»էն եւ «Հայաստանի  հանրային ռատիօ»էն։ 
 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ «Արեւելք»ը