Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Հայաստանը հրաժարած է Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով եռակողմ հանդիպում կայացնելու առաջարկէն:
ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան նշեց. «Մենք ոչ միայն չենք մերժել, այլեւ մշտապէս դրական ենք արտայայտուել նման հաւանական հանդիպման մասին` միաժամանակ նշելով, որ պէտք է աշխատանք տանել հանդիպման արդիւնաւէտութիւնն ապահովելու ուղղութեամբ»: