image

Հայ զինուորները կը մասնակցին «Արեւելք-2022» միջազգային զօրավարժութեան

Հայ զինուորները կը մասնակցին «Արեւելք-2022» միջազգային զօրավարժութեան

Ռուսիոյ Հեռաւոր-արեւելեան դաշնային շրջանին մէջ տեղակայուած զօրավարժարաններէն մէկուն մէջ կայացած է «Արեւելք-2022» միջազգային լայնածաւալ ռազմավարական հրամանատարաշտաբային զօրավարժութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ 

Ինչպէս «Արեւելք»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն, զօրավարժութեան կը մասնակցին 14 պետութիւններու, այդ շարքին նաեւ՝ ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները։

Նշուած է, որ, ողջունելով մասնակից երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները եւ զինծառայողները՝ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Եունուս-Պեկ Եւքուրովն ընդգծած է նմանօրինակ համատեղ լայնածաւալ զօրավարժութիւններու կայացման կարեւորութիւնը առկայ մարտահրաւէրներու դէմ պայքարին։

«Յաջողութիւն մաղթելով ստուգատեսի բոլոր մասնակիցներին՝ հայկական զօրախմբի հրամանատար, գնդապետ Սասուն Բադասեանն էլ վստահութիւն է յայտնել, որ զօրավարժութիւնն անցնելու է բարձր մակարդակով եւ մասնակից երկրների զինուած ուժերի ստորաբաժանումները համատեղ ջանքերով հասնելու են առաջադրուած խնդիրների ներդաշնակ կատարմանը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ աղբիւրի՝ ընդհանուր առմամբ, «Արեւելք-2022» զօրավարժութեան ներգրաւուած է շուրջ 50 հազար զինուորական, 5 000 միաւոր սպառազինութիւն եւ ռազմական տեխնիկա, այդ շարքին 140 միաւոր օդանաւ եւ 60 ռազմանաւ։ Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 7 սեպտեմբեր։