Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր, ճեպազրոյցին անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման եւ հաշտութեան համաձայնագրի հասնելու հնարաւորութեան, խօսած է Թուրքիոյ դերակատարութեան մասին:
Լրագրողը յիշեցուցած է, որ օրերս Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ՝ քննարկելով հայ-ատրպէյճանական կարգաւորումը:
«Ինչպէ՞ս կը սահմանէք Թուրքիոյ դերը այս պահուն այս գործընթացին մէջ», - հետաքրքրուած է լրագրողը:
«Ես չեմ ուզեր ատոր վերաբերեալ մանրամասն խօսիլ, այդ մասնաւոր դիւանագիտական խօսակցութիւն էր: Միայն կ'ըսեմ՝ մենք կը հաւատանք, որ Թուրքիան կրնայ արդիւնաւէտ դեր խաղալ այս հարցով», -ըսած է Միլլըր: