Մանկութենէն ի վեր «Մանկական ուղեղային կաթուած»է տառապող երիտասարդ ու տաղանդաւոր արուեստագէտ Կրէթա Խաչատրեանը այս օրերուն առիթը ունեցաւ իրականացնելու իր երազներէն մին` Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը, որուն նուիրեց իր ստեղծագործութիւններէն մին ու նամակ մը։
Կեանքին մէջ շատ մարդիկ հազիւ դժուարութեան կամ խոչընդոտի մը առջեւ կը գտնուին կը նեղանան, կը վհատին ու շատ անգամ նաեւ յուսահատութեան կը մատնուին։
Իսկ կան ոմանք` որոնք այդ խոչընդոտները հրաշքի նման հնարաւորութիւն կը դարձնեն` ու մենք ռատիովատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը պատիւն ու բախտը ունեցանք հանդիպելու այսպիսի անձի մը հետ, որ հակառակ իր սահմանափակ ուժերուն, դժուարութիւններուն ու իր առջեւ ծառացած առօրեայի մարտահրաւէրներուն, ժպիտը շրթունքին, մեզ ոգեւորեց ու քաջալերեց ու իր մեծ եւ ազնիւ հոգիով մեզ ներգրաւեց։
Կրէթան եւ մայրը
Կը խօսինք Կրէթա Խաչատուրաենի մասին։ Մանկութենէն ի վեր «Մանկական ուղեղային կաթուած»է տառապող երիտասարդ ու տաղանդաւոր արուեստագէտ մը, որուն հետ ունեցանք հակիրճ հարցազրոյց մը, տրուած ըլլալով, որ Ան այս օրերուն առիթը ունեցաւ իրականացնելու իր երազներէն մին` Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը, որուն նուիրեց իր ստեղծագործութիւններէն մին ու նամակ մը։
Այն հարցումին թէ ինչ է իր պատգամը իրեն նման կամ իր տարեկից ընկերներուն ան պարզութեամբ պատասխանեց «Հաւատալ եւ երազել», այնպէս ինչպէս ինք ըրած է մանկութենէն ի վեր` «հաւատալ ու երազել»։
Աղբիւրը՝ «Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական ծառայութիւն