image

Հասնինք Արցախի օգնութեան. ԱՀԱԸ-ն անցած է գործի

   Հասնինք Արցախի օգնութեան. ԱՀԱԸ-ն անցած է գործի

 Մեր ունեցած տեղեկութիւններով   պայքարելու համար Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին դէմ ԱՀԱԸ-ն նախաձեռնած  է բնակարանային օգտագործման «կազի պալոն»ներ առաքել Արցախ։

Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր պայմաններուն արձագանգելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA-ԱՀԱԸ) Հայաստանի կեդրոնը հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՀԱԸ-ի Երեւանի գլխաւոր գրասենեակէն։

 Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն կանխելու եւ միեւնոյն ժամանակ պայքարելու համար Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամի բարատման համար ԱՀԱԸ-ն նախաձեռնա է բնակարանային օգտագործման «կազի պալոն»ներ առաքել Արցախ։

 

 Ի դէպ Աւետարանչականը այս մասին նոյնպէս գրութիւն մը հրապարակած է դիմատետրեան իր էջով, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Ելլելով Արցախի մէջ կազամատակարարման խնդրի պատճառով ստեղծուած իրավիճակէն՝ АМАА-ի Երեւանի գրասենեակը #Արցախ ուղարկած է կազի 150 պալոն՝ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտակերտի մեր կեդրոններու միջոցով տեղի բնակչութեանն առաջնային օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով։