image

Հասիչէի մէջ. Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը

Հասիչէի մէջ. Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը

Օրերս, Հասիչէի մէջ նշուած է Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, ուրուն իր մասնակցութիւնը բերած է Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան. ան մատուցած է Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ Հարիսէի օրհնութիւն կատարած։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճէզիրէի Առաջնորդական փոխանորդութեան դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Շաբաթ, 17 Յունուար 2026-ի երեկոյեան, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանն մեկնեցաւ Հասիչէ՝ նշելու Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։

Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ի առաւօտուն, Ճէզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագը, յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ Հարիսէի օրհնութիւնը կատարեց։

Առաւօտեան Ս. եւ Անմահ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան Խորհուրդը եւ Յարաբերական Մարմինը, Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը, Ս. Օ. Խաչի Լոռի Մասնաճիւղի վարչութիւնը, Կիրակիօրեայ Վարժարանի աշակերտութիւնը՝ ուսուցչական կազմով, ինչպէս նաեւ Հասիչէի ՀՄԸՄ-ի սկաուտները։

Ս. եւ Անմահ Պատարագին կը սպասարկէր Արժանապատիւ Տ. Արշակ Աւ. Քհնյ. Ալաճաճեանը։ Ս. Խորանի երգեցողութիւնը կատարեց Բարշ. Գրիգոր Սրկ. Մարտիրոսեանը, իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը ղեկավարեց Բարշ. Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեանը։

Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը իր քարոզի բնաբանը ընտրած էր Զաքարիայի օրհներգութենէն․

«Եւ դուն, զաւա՛կս, Բարձրեալին մարգարէն պիտի կոչուիս, եւ Տիրոջ առջեւէն պիտի քալես՝ անոր ճամբան պատրաստելու» (Ղուկ. Ա․ 76)։

Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ նախ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու օրհնութիւնները։ Ապա Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ մեզ ամէն տեսակ դժուարութիւններէ հեռու պահէ, եւ Ս. Յովհաննու Կարապետի բարեխօսութիւնը խնդրելով՝ աղօթեց, որպէսզի ան միշտ պաշտպան ըլլայ Հասիչէի ժողովուրդին եւ Ճէզիրէի հայութեան։

Հայր Սուրբը խօսեցաւ հնազանդութեան մասին՝ նշելով․

«Յովհաննու Կարապետը իր փոքր տարիքէն հնազանդեցաւ իր Հօր մարգարէացած հրահանգին, պատրաստեց Տիրոջ ճամբան, սակայն մնաց խոնարհ եւ արդար իր կեանքին մէջ։ Ան ինքզինք չգերադասեց Տիրոջ կողմէ ուղարկուած Փրկիչէն, այլ մնաց Տիրոջ ընտրեալ Բարձրեալին մարգարէն եւ քարոզեց ապաշխարութիւնը»։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնէքը, որմէ ետք ժողովուրդը վայելեց ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի նուագները։

Ս. Օ. Խաչի Լոռի Մասնաճիւղի անդամուհիները օրհնուած մատաղը բաժնեցին ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։

Այնուհետեւ Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը դահլիճին մէջ ընդունեց ժողովուրդին շնորհաւորանքները։