image

Պէյրութ. Նշուած է Հայաշէն շրջանի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնը

Պէյրութ. Նշուած է Հայաշէն շրջանի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնը

Պէյրութի երբեմնի հայաշատ թաղամասերուն մէջ կը շարունակուին անցեալէն եկած աւանդութիւնները։

Այս առիթով ալ օրերս նշուած է Հայաշէն (արաբական անունով՝ «Քարմ Ալ Զէյթուն» շրջանի հայկական Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ տօնը։ 

Մատուցուած է եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ ձեռամբ թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Տիար Մարտիկ Պօղոսեանի, ինչպէս նաեւ ազգային կուսակցական պատասխանատուներու։

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք տօնական օրուան մասին հրապարակուած թղթակցութիւնը։ 

Կիրակի, 18 յունուար 2026-ին Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով առաւօտեան ժամը 9:30-ին Հայաշէնի մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Իր քարոզի սկզբնաւորութեան սրբազան հայրը եկեղեցւոյ տօնին առիթով ողջունեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ ծխային համայնքը, նաեւ` յարակից մարմիններն ու կառոյցները, որոնք այս միջավայրէն ներս եւ եկեղեցւոյ շուրջ կը փորձեն քրիստոնէական աւանդն ու հայեցիութիւնը պաշտպանել` համաձայն մեր դարաւոր աւանդութեանց եւ սկզբունքներուն:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ նուիրական այս առիթով պէտք է յիշենք, թէ Յովհաննէս Մկրտիչ ուխտի զաւակ էր եւ Զաքարիա մարգարէն իր յառաջացած տարիքին հրեշտակին բերնով իր զաւկին ծննդեան լուրը ստացած էր: Սրբազանը ըսաւ, որ մեր Եկեղեցին պարբերաբար մեր սուրբերը եւ նուիրական դէմքերը կը յիշատակէ, որպէսզի անոնց ընդմէջէն մեր ժողովուրդի զաւակները Աստուծոյ պատգամը քաղեն եւ համաձայն այդ պատգամին` իրենց կեանքէն ներս վերադասաւորումներ կատարեն: Ան ըսաւ, որ այս առիթով մեր հոգիներուն մէջ ձայն մը պէտք է արձագանգէ, անապատին մէջ առաջին անգամ բարձրացած եւ արձագանգած Յովհաննէս Մկրտիչի ձայնը, որ բոլորիս կը թելադրէ եւ կը պատգամէ, որ Տիրոջ ճամբան պատրաստենք, որպէսզի անցնի հասնելու համար մեր կեանքին, մեր տուներուն, մեր աշխատանքին, բարոյական նոր վիճակ ստեղծելու համար մեր իրականութեան մէջ: Սրբազանը ըսաւ, որ այս առիթով նաեւ պէտք է յիշենք Եկեղեցւոյ եւ մեր կեանքին, մեր ամրութիւնը երաշխաւորող սուրբը, իր կենդանութեան ընթացքին թէեւ առանձնացած էր անապատին մէջ, սակայն զարմանալի համարձակութեամբ եւ երբեմն ուժգնութեամբ կը խօսէր ժողովուրդին ու հեղինակութիւններուն հետ` բոլորին յիշեցնելով Աստուծոյ ահեղ դատաստանին մասին եւ բոլորին թելադրելով, որ իրենք զիրենք ուղղեն եւ զետեղեն Տիրոջ ճամբաներուն մէջ, որպէսզի չարժանանան Աստուծոյ ահեղ դատաստանին: Շահէ արք. Փանոսեան դիտել տուաւ, որ այդ ձայնը այսօր պէտք է մեր սրտերուն մէջ արձագանգէ եւ մեզ սթափեցնէ, որ` պէտք է անդրադառնանք, թէ քրիստոնէութիւնը ինքզինք ուրիշին բաշխելով կատարելութեան երթալու ընթացք է: Կեանքը պատահականութիւն չի ճանչնար, հետեւաբար քրիստոնեան պատահականութեան պէտք չէ ձգէ` իր սեփական կեանքը, իր տան վիճակը, իր միջավայրին կացութիւնը եւ այն ընկերութեան վիճակը, որուն անդամն է ինք:

Սրբազանը ըսաւ, որ այս ճշմարտութիւնները պէտք է ուժգնօրէն սթափեցնեն մեզ եւ թելադրեն իւրաքանչիւրիս, որ մեզի վերաբերող պարտականութիւններուն նկատմամբ ըլլանք աւելի նախանձախնդիր, գիտակից եւ հաւատարիմ, այլապէս, թէեւ Աստուած սէր է, սակայն իր ահեղ դատաստանին իրողութիւնը պէտք չէ մեր միտքէն հանենք, որպէսզի անկումի չտանինք մեր կեանքը եւ չքայքայենք այն, ինչ որ կը փորձենք Աստուծմով պահել, կառուցել եւ շինել:

Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ ներկայիս ահեղ դատաստանի մասին շատ խօսողներ չկան` հակառակ այն իրողութեան, որ մարդկային ընկերութիւնը, մասնաւորաբար` մեր ընկերութիւնը, տեսակաւոր տագնապներու բովէն կ՛անցնի, աւելցնելով, որ պէտք է սթափինք եւ արթննանք, մեր պարտականութիւններուն գիտակցութեամբ դարձեալ խրախուսուինք, որպէսզի իսկապէս Տիրոջ ճամբան պատրաստենք, եւ մաքրենք այն բոլոր շաւիղները, որոնց վրայ աշխարհի հարցերը այնքան կուտակուած են, որ` մենք շատ անգամ մեր արժէքներուն երթալու պահուն յանկարծ կը շեղինք ու կը մոլորինք այն ճանապարհներէն, որոնք կը վերաբերին մեզի:

«Սթափինք ու արթննանք, մասնաւորապէս` մեր զաւակներուն դաստիարակութեան աշխատանքին մէջ: Սթափինք ու արթննանք, որպէսզի վաղուան մեր կեանքը ըլլայ լուսաւոր ու փառապանծ, այնպէս` ինչպէս էին երէկուան մեր կեանքն ու վիճակը: Սթափինք ու արթննանք, որպէսզի մեր կեանքէն ներս նոր վաստակ գոյացնելով` ամրանանք եւ ամրանալով` նոր խիզախութիւններու առաջնորդենք մեր վիճակը», եզրափակեց սրբազան հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: