image

Լաթաքիոյ մէջ. յիշատակուած են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ Աստուածամօր տաճար ընծայման տօները

Լաթաքիոյ մէջ. յիշատակուած են Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ Աստուածամօր տաճար ընծայման տօները

Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, օրերս, հանդիսաւորապէս յիշատակուած են Աստուածամօր տաճար ընծայման եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօները։ Այս առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։ 

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին «Գանձասար»ի հաղորդագրութիւնը՝

Կիրակի, 23 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս յիշատակուեցան Աստուածամօր տաճար ընծայման եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօները։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան։ Ս. Սեղանին կը սպասարկէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան։ 

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ազգ. Վարչութեան անդամներ Վաչէ Ճուհարեան եւ Ժագ Գազէզեան, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Միհրան Վարդապետեան, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն։

Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով (Բ.Կր 6.14-7.1) աստուածաշնչական հատուածը, ուր կ՚ըսուի, թէ ի՞նչ նմանութիւն կայ Տիրոջ տաճարին եւ հեթանոսներու մեհեաններուն միջեւ։ Առաքեալը կը յիշեցնէ, թէ մե՛նք ենք կենդանի Աստուծոյ տաճարը, ինչպէս Աստուած Ինք ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց հետ պիտի ապրիմ։ Ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ եւ անոնք՝ իմ ժողովուրդս»։ 

Սրբազան Հայրը պարզաբանելով հատուածը նշեց, թէ Ամենակալը կը պատուիրէ հեռու մնալ հեթանոսական բարքերէ եւ մարմնական ու հոգեկան ամէն պղծութենէ եւ կատարելապէս մաքրուիլ՝ Աստուծոյ երկիւղով ապրելով, որպէսզի Աստուծոյ տաճարը ըլլանք եւ Աստուծոյ ժողովուրդին անդամ դառնանք, այնպէս ինչպէս Աստուածամայրը խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ երկիւղով ապրեցաւ իր կեանքը եւ արժանի դարձաւ Աստուածամայր կոչուելու։

Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ դպրաց դասը, որոնք նուիրումով կը ծառայեն եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ 

Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս առաքեալներուն եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբապատկերներուն օծումը կատարեց։ Սրբապատկերները եկեղեցւոյ նուիրած են տէր եւ տիկ. Տանի Գէորգեան։

Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր թափօրով դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ շրջափակէն ներս աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց: