Ծովակ Քէօշկէրեան (Լիբանանահայ աշակերտուհի) այս պահուն կը գտնուի Արարատի ստորոտին: Ան նուաճած է 3200 մեթր բարձրութիւնը եւ կը պատրաստուի յաջորդ 4200 մեթր նուաճելու քայլին:Ինչ ալ ըլլան արդիւնքները Ծովակի քայլը խիզախ է: Ան նախընտրած է Հայոց Պիպլիական լեռը բարձրանալ: Աչքը առնելով դժուարին ճանապարհին բոլոր բարդութիւնները 13 տարեկան Ծովակին համար այսօր հին երազ մըն է, որ կ'իրականանայ: Ծովակին համար մեծ երազները միայն խօսքի սահմաններուն մէջ բանտարկուած արարքներ չեն: Իտէալները, երազը, սխրանքը կը սկսին փոքր աննշան քայլերով: Կամքով: Այսօր Ծովակ իր սերունդի անունով կուգայ բարձրաձայնելու, որ Իտէալները ունին ուղի եւ այդ ուղին դժուար չէ իրականացնել: Ծովակ եւ իր նմանները չեն խօսիր Թուրքիան վերացնելու կամ Պաքուի ջուրերը հասնելու մասին: Անոնք կը յարգեն իրենց խօսակիցները: Ծովակն ու անոր նմանները չեն աղաղակեր մեծ- մեծ բառերով, որովհետեւ կը յարգեն զիրենք աշխարհ բերող ծնողներն ու իրենցմով ապրող շրջապատը: Անոնք նաեւ գիտեն, որ երէկի մեծ Հայաստանի երազը սկիզբ կ'առնէ իրենց գրասեղաններէն, իրենց տետրերէն, գրքերէն, վարժարանի փակէն ու դասապահի զանգէն: Անոնց համար իտէալները մեծ խօսքերով չեն ապրուիր այլ սկիզբ կ'առնեն փոքր քայլերով: Ծովակ եւ իր ընկերակիցները պիտի նուաճեն Արարատի գագաթը: Անոնց այս քայլը մեզի բոլորիս համար կողմնացոյց ըլլալու պատուիրան է: Մեզմէ շատ- շատեր այսօր կորսնցուցած են լինելութեան կողմնացոյցը ու կքած եւ խոշոր բառերու եւ բառակոյտներու ծանր բեռան տակ: Հարիւրաւոր Ծովակներ ունինք, կը մնայ լսենք անոնց կոչը: