image

Նպատակ ունինք զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ. Միրզոյեան

Նպատակ ունինք զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ. Միրզոյեան

Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման մեկնարկին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է Հայաստանի Հանրապետութեան շահագրգռուածութիւնը շարունակելու արդիւնաւէտ քաղաքական երկխօսութիւնը՝ ուղղուած ՀՀ-ՌԴ երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանային իրավիճակի վրայ ազդող հարցերու քննարկման։

«Հայաստանը միշտ հաւատարիմ է եղել բաց եւ կառուցողական երկխօսութեան սկզբունքներին, եւ յուսով ենք, որ ապագայում ռուսական կողմը հաշուի կ՚առնի տեղի ունեցողի բոլոր ասպեկտները՝ խուսափելով միակողմանի մեկնաբանութիւններից, ինչին ականատես եղանք վերջին օրերին։ Մենք նպատակ ունենք զարգացնել երկկողմ յարաբերութիւնները՝ հիմնուած փոխշահաւէտ եւ գործնական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ, ինչը, համոզուած եմ, բխում է երկու երկրի շահերից։

Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի տնտեսական գրաւչութեան մեծացմանն ուղղուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վճռական վերաբերմունքի համատեքստում ուրախ եմ հաստատել Հայաստանի տեսլականը՝ ապաշրջափակելու տարածաշրջանային բոլոր տնտեսական եւ տրանսպորտային ենթակառուցուածքները, ինչը նախատեսւում է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի շրջանակում»,- հանդիպման բացման խօսքին մէջ նշած է Միրզոյեանը: