Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները առաջընթաց գրանցած է Իրանի հետ Թեհրանի միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը աւելցուցած է, որ մօտ ապագային տեղի պիտի ունենան բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ, սակայն յստակ ժամկէտ չէ նշած։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն:
«Մենք շատ լաւ բանակցութիւններ ունեցանք Իրանի հետ, տեսնենք, թէ ինչ դուրս կու գայ անկէ: Կը կարծեմ, որ մենք կրնանք լաւ նորութիւններ ունենալ իրանեան ճակատին վրայ: <...> Մենք իրական առաջընթաց ունինք, լուրջ առաջընթաց», -ըսած է Տանըլտ Թրամփը Նիւ Ճըրզիէն Ուաշինկթըն թռիչքի ժամանակ:
Աւելի վաղ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած էր, որ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի օրն ու վայրը դեռ համաձայնեցուած չեն։
Կողմերը մայիս 23-ին Հռոմի մէջ ունեցած են բանակցութիւններու հինգերորդ փուլը: Օմանի արտաքին գործոց նախարարը, որ միջնորդ է կողմերու միջեւ, ըսած է, որ «որոշ, բայց ոչ վերջնական առաջընթաց» գրանցուած է: Բանակցութիւններու գլխաւոր խնդիրը կը մնայ Թեհրանի իրաւունքը՝ պահպանելու ուրանի հարստացման սեփական ծրագիրը հնարաւոր համաձայնագրի շրջածիրէն ներս։