Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քարին Ժան Փիեր պնդած է, որ Միացեալ Նահանգները չէ մասնակցած Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու Քուրսքի շրջան ներխուժման ծրագրման ու նախապատրաստման։
Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ։
«Այլեւս ըսելու բան չունիմ։ Միայն ըսեմ, որ մենք հաստատ ոչ մէկ ձեւով չենք մասնակցած այս գործողութեան ծրագրման կամ նախապատրաստման»,- հերթական ճեպազրոյցին յայտարարած է ան։