image

ՀԱՊԿ ԱԽ քարտուղարներու կոմիտէի նիստը Երեւանի մէջ

ՀԱՊԿ ԱԽ քարտուղարներու կոմիտէի նիստը Երեւանի մէջ

Յունիս 17-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենաայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի հերթական նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, ՀԱՊԿ ԱԽ քարտուղարներու կոմիտէի նախագահ Արմէն Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ:  

ԱԽ քարտուղարներու կոմիտէի նիստի ընթացքին` նեղ եւ ընդլայնուած կազմով, պիտի քննարկուին ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ ստեղծուած իրավիճակի եւ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու անվտանգութեան մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու չէզոքացման ուղղուած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր:

Նիստի աւարտին ՀԱՊԿ ԱԽ քարտուղարներու կոմիտէի նախագահն ու ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը հանդէս պիտի գան յայտարարութեամբ: