image

Հանրային ռատիոյի տնօրէն ընտրուած է Արմէն Քոլոյեանը

Հանրային ռատիոյի տնօրէն ընտրուած է Արմէն Քոլոյեանը

Հանրային հեռարձակողի խորհուրդը Հանրային ռատիոընկերութեան գործադիր տնօրէն ընտրած է Արմէն Քոլոյեանը:

Արմէն Քոլոյեան «Ազատութիւն» ռատիոկայանի աշխատակից է: Հանրային ռատիոյի արդէն նախկին տնօրէն Գարեգին Խումարեանը նախապէս յայտարարած էր, որ Արմէն Քոլոյեանի յաղթանակը կանխորոշուած է:

Tert.am-ի հետ զրոյցին Խումարեանը հաստատած է, որ ինքը չէ ընտրուած։

«Քիչ առաջ աւարտուեց Հանրային ռադիոընկերութեան տնօրէնի թափուր հաստիքի համալրման համար յայտարարուած մրցոյթը, որի յաղթողը կանխատեսելիօրէն ես չեմ եւ, փաստօրէն, աշխատանքի առայժմ չեմ վերադառնում»,-ըսած է ան:

Խումարեանն ըսած է՝ շատ կ՚ուզէր յաղթող մասնակցին բարի ընթացք մաղթել, բայց սա այդ դէպքը չէ։

«Մրցոյթի արդիւնքը վարչաիրաւական աճպարարութեան հետեւանք է, որը տանում եմ դատարան։ Խնդիրը քննարկուել է ոլորտի մի շարք ամենահեղինակաւոր մասնագէտների հետ, եւ ընդհանուր պատկերացումն այն է, որ իրավիճակը պէտք է պատշաճ իրաւական գնահատական ստանայ»,-ըսած է ան:

Ան ընդգծած է, որ պիտի բողոքարկեն մրցոյթի արդիւնքները։

«Ընթացքը կանխատեսելի էր, հայցերը՝ վաղօրօք նախապատրաստուած»,- նշած է ան: