image

Լիբանան. «Ծովասար»ի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ հանդիպեցան Մեթնի հայ թաղապետներուն հետ

Լիբանան. «Ծովասար»ի Կեդրոնական Կոմիտէի  ներկայացուցիչներ   հանդիպեցան  Մեթնի հայ թաղապետներուն  հետ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ ընտրական աշխատանքներու պատասխանատու Աւետիս Կիտանեան հանդիպում մը ունեցան Մեթնի (Պուրճ Համուտ, Պաուշրիէ եւ Պսալիմ) Հայ թաղապետներուն հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան 2025-ի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն ետք թաղապետներու աշխատանքի կազմակերպման կարեւորութիւնը եւ ժողովուրդին հետ սերտ յարաբերութեան մշակման հրամայականը:

Շեշտը դրուեցաւ նաեւ 2026-ի երեսփոխանական ընտրութուններու նախօրեակին թաղապետներու ունենալիք դերակատարութեան վրայ, մանաւանդ ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն