ՀՅԴ Պաշտօնական կայքէջէն կը կարդանք, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը Յունուար 13-ին այս տարուայ առաջին հանդիպումը ունեցած է ՀՅ Դաշնակցութեան Երեւանի կառոյցի խումբ մը ընկերներու հետ։
Հանդիպման ժամանակ ներկայացուած է առկայ քաղաքական իրավիճակը, եղած մարտահրաւէրները եւ Դիմադրութեան շարժման աշխատանքներու ընթացքը։ Իշխան Սաղաթէլեանը պատասխանած է ընկերներու հարցումներուն, լսած՝ անոնց առաջարկները։