Փետրուար 21-ին նշուող Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան ընդառաջ, Թուրքիոյ խորհրդարանի՝ քրտամէտ DEM կուսակցութեան ժողովներու դահլիճին մէջ ներկայացուած են անհետացման վտանգի ենթակայ լեզուները, ի շարս որոնց՝ արեւմտահայերէնը եւ հայոց լեզուի Համշէնի բարբառը։
Այսպէս, Թուրքիոյ մէճլիսին (խորհրդարանի) մէջ արեւմտահայերէն խօսք հնչեցուցած է պոլսահայ հասարակական գործիչ Մուրատ Մըխճը, իսկ Հայոց լեզուի Համշէնի բարբառով ելոյթ ունեցած է համշէնահայ մտաւորական, շարք մը գիրքերու հեղինակ Հուրիյէ Շահին։
Բացի ասոնցմէ՝ ներկայացուած են նաեւ զազայերէնը, քրտերէնը, ասորերէնը եւ այլ լեզուներ, որոնք եւս անհետացման վտանգի տակ կը գտնուին։
Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն