Ինչպէս 1939-ին համատարած «տեղական»պատերազմներ ու յեղափոխութիւններ, 21-րդ դարու «վայել»բռնատիրական վարչակարգեր, գերարդիական լրտեսական արբանեակներ, համատարած կոտորածներ եւ բռնագաղթեր:
Ամէն օր կը յայտարարուի նոր, կործանիչ, հիւլէական գլխիկներով հրթիռի նը կամ ձայնէն 3 անգամ աւելի արագութեամբ թռչող կործանիչ ռմբաձիգ ինքնաթիռի մը չարաբաստիկ ծնունդի մասին: Միլիոնաւոր գաղթականներ, անարգելով պետական սահմաններու արհեստական արգելքները, կը ներխուժեն Եւրոպա, զայն դարձնելու եւրոպական մահմետական երկիրներու միութիւն` շուտով:
Անբարոյականութիւնը, միասեռականութիւնը, ոճրագործութիւնը, բազմահազարամեայ պատմական յուշարձաններու քարուքանդ ըլլալը անտարբեր-սառած աչքերով կը դիտուի նաւթի եւ փառքի մոլուցքով խելագար դարձած մերօրեայ երկրագունդի ղեկավարներուն կողմէ, փաստօրէն մարդկային քաղաքակրթութիւնը տանելով կործանման եզրին:
Եթէ 1939-ին Լեհաստանի վրայ յարձակմամբ սկսած եւ Հիթլերի կողմէ սանձազերծուած Համաշխարհային 2-րդ պատերազմը 60 միլիոնէ աւելի մարդոց կեանք խլեց, ամբողջ քաղաքներ հիմնայատակ կործանելով` ապա եթէ այսօր համաշխարհային 3-րդ պատերազմի արար մը միայն կրնայ միլիառէ աւելի բնակչութիւն մոխիրի վերածել ու մեր երկրագունդը իր միլիառաւոր տարիներու թաւալքէն դուրս հանել եւ ոչնչացնել անծայրածիր տիեզերքին մէջ...: Այսօր, մերօրեայ Հիթլերներ` Սարքոզի եւ Պերլուսքոնի, իրենց ընտրարշաւները ֆինանսաւորած Լիպիոյ բռնատէր Կատտաֆին սպաննել տուին, պատճառ դառնալով բիւրաւոր գաղթականներու փախուստին դէպի Իտալիա, Սիկիլիա, Մայորքա ու Սպանիա:
Ծայրայեղ աջ-ազգայնական կուսակցութիւնները ոտքի ելած են ու կը զինուին, նախապատրաստուելով Համաշխարհային 3-րդ պատերազմը նախորդող քաղաքացիական կռիւներու, որոնց նախանշանները տեսանք մենք` վերջերս եւրոպական որոշ մայրաքաղաքներ այցելութեանց ընթացքին:
Տակաւին չենք խօսիր մարդկային քաղաքակրթութեան օրրաններ, Իրաքի ու Սուրիոյ մասին, ուր 7000 ամեայ պատմական անգին յուշարձանները քարուքանդ կ’ըլլան ՏԱՀԷՇ կոչուած մերօրեայ մոնկոլ թաթարներու, Լենկթիմուրներու, չինական Թուրքեստանէն, Չէչէնիայէն եւ Աֆղանիստանէն ժամանած վարձու մարդասպաններու կողմէ« որոնք մինչեւ վերջերս կը վայելէին Ուաշինկթընի, Թէլ Աւիւի, Փարիզի, Պերլինի ու Անգարայի բացարձակ նեցուկն ու աջակցութիւնը: Հազարաւոր անմեղ բնակիչներու արիւնը այսօր աւելի աժան կ’արժէ քան քանի մը տակառ նաւթը եւ քաղաքական ամենէն կեղտոտ խաղերու զոհասեղանին համաշխարհային մակարդակի գիտնականներ կը գլխատուին ու մոխիրի կը վերածուին:
Ո՞վ պիտի կանգնեցնէ այս համատարած սպանդը, ալան-թալանը, մարդկային քաղաքակրթութեան 25 000 ամեայ ոսկեայ էջերուն հրկիզումը:
Մեր երկրագունդի բախտախնդիր, մութ եւ «Չար» ուժերու կողմէ խամաճիկ դարձած ղեկավարները պիտի սթափի՞ն արդեօք, թէ իրենց գահերուն կառչած մնալով որպէս ոսկեպատ ստրուկներ, 21-րդ դարը պիտի դարձնեն վերջինը երկրագունդի պատմութեան մէջ:
Համօ Մոսկոֆեան