image

Ես կը կիսեմ ձեր ցաւն այս անիմաստ պատերազմի համար․ Հռոմի պապը դիմած է Ուքրանիոյ ժողովուրդին

Ես կը կիսեմ ձեր ցաւն այս անիմաստ պատերազմի համար․ Հռոմի պապը դիմած է Ուքրանիոյ ժողովուրդին

Հռոմի պապը դիմած է Ուքրանիոյ ժողովուրդին՝ X-ի իր էջին գրառում ընելով ուքրայերէնով։

«Կը ցանկամ արտայայտել իմ զօրակցութիւնը տառապող Ուքրանիոյ, յատկապէս այն ընտանիքներուն, որոնք կը սգան իրենց սիրելիներու կորուստը։ Ես կը կիսեմ ձեր ցաւն այս անիմաստ պատերազմին  համար», - գրած է Հռոմի պապ Լեւոն 14-րդը։

Ան ընդգծած է, որ ուքրանացի ժողովուրդի հաւատքն այժմ կ'ենթարկուի խիստ փորձութեան։

«Հաւատալ չի նշանակեր ունենալ բոլոր պատասխանները, այլ յոյս ունենալ, որ Աստուած մեզ հետ է եւ մեզ կու տայ Իր շնորհքը, որ Ան կ'ըսէ վերջին խօսքը, եւ կեանքը կը յաղթէ մահուան», - նշած է Պապը։