image

Թրամփի պատերազմին միանալու որոշումը՝ «երկու շաբաթ»էն

Թրամփի պատերազմին միանալու որոշումը՝ «երկու շաբաթ»էն

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփն առաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին որոշում պիտի կայացնէ Իրանի վրայ հնարաւոր յարձակման վերաբերեալ: Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քարոլին Լեւիթը։

«Ես ուղերձ ունիմ անմիջապէս նախագահէն, որ կը մէջբերեմ. «Հիմնուելով այն բանի վրայ, որ կայ բանակցութիւններու էական հաւանականութիւն, որոնք կրնան կամ չեն կրնան տեղի ունենալ Իրանի հետ մօտ ապագային, ես որոշում պիտի կայացնեմ ՝ առաջ շարժիլ (Իրանի վրայ յարձակման առումով - խմբ.), թէ ոչ, առաջիկայ երկու շաբաթուան ընթացքին», - լրագրողներուն յայտնած է ան՝ ճեպազրոյցի ժամանակ: