image

Հալէպի Ոսկին Ու Արծաթը/ Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպի Ոսկին Ու Արծաթը/ Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպահայ հանրայայտ թատերական գործիչ, յայտնի պղնձագործ Պարսումեան ընտանիքի ներկայացուցիչ պեղող-պրպտող Պարոն Ռուբէնը տասէ աւելի տարիներ ճգնեցաւ ի մի բերել Հալէպի պղնձագործ, արծաթագործ եւ ոսկերիչ վարպետներուն անունները, անոնց կատարած գործերը, ջանաց նկարագրել անոնց գործիքներն ու գործերը, նոյնիսկ այս արհեստներուն վերաբերող հայերէն բառերը գտաւ կամ հնարեց, ու տակաւին չամբողջացուց այս տիտանական գործը, այնքան որ մեծ է հայերուն ստեղծագործ մտքին ու աշխատանքին շնորհիւ արուեստի վերածուած այս արհեստներուն տէր մեր ազգակիցներուն թիւը:

Հալէպի արհեստաւոր ոսկերիչներն ու արծաթագործները բացարձակ մեծամասնութեամբ հայեր էին, որոնցմէ շատերը այս արհեստները ժառանգած էին իրենց ծնողներէն եւ իրենց զաւակներուն ժառանգ ձգելու միտումով դպրոցական ամառային արձակուրդներուն անոնց ձեռքէն բռնելով, միւս ձեռքով ալ երեք կամ չորս յարկանի ճաշամանները բռնած Սուլէյմանիէյէն, Նոր Գիւղէն կամ Պոսթան Փաշայէն 7-8 քիլօ մեթր քալելով կ'երթային ներսի շուկայ, ուր կը գտնուէին իրենց արհստանոցները: Փոքր զաւակները կ'օգնէին իրենց վարպետ ծնողներուն, ահեստ կը սորվէին, իսկ ազատ ժամանակ կը մագլցէին Ներսի (Փակ) շուկայի անմիջապէս դուրսը վեհօրէն բարձրացող Հալէպի բերդի կողն ի վեր:

Այդ ատեն՝ Հալէպի ոսկերիչներուն արհեստանոցներն ու վաճառատուները կեդրոնացած էին Ներսի շուկայի քանի մը խաներու մէջ ինչպէս Ղէյսարիէթ Հէքքէքին, Մէխզէն Տէրուիշ, Սուք Էլ Զահրաուի եւայլն, ապա անոնցմէ մաս մը փոխադրուեցաւ քաղաքամէջ՝ Ճիտէյտի եւ Սահաթ Ֆարհաթ: վերջին քսանհինգ տարիներուն այս արհեստանոցներուն եւ նոյնիսկ վաճառատուներու կարելի է հանդիպիլ Հալէպի բոլոր թաղամասերուն մէջ:     

Հալէպի ոսկի...  այսպիսի գրութիւն մը չէ՞ք կարդացած զանազան երկիրներու ազնիւ մետաղի վաճառատուներու ցուցափեղկերու վրայ:

Բնիկ Կիլիկեցի վարպետներու ստեղծած 21 այար (չափ ոսկիի տոկոսը 24 էն) Հալէպի ոսկին, վզնոցներու, ապարանջաներու, ժամացոյցի կապերու, մատանիներու, խաչերու, զինանշաններու, հայկական մետալիոններու, Այբ-Բեն-Գիմի, ... զանազան ձեւերով կը նուիրուէին մկրտուողներու, Առաջին հաղորդութիւն առնողներու, դպրոցական շրջանաւարտներու, խօսեցեալներու, հարսերու, ծննդաբերողներու.. ոչ միայն Հալէպի այլ նաեւ Սուրիոյ այլ քաղաքներու մէջ, դրացի Լիբանանի մէջ, ուր նաեւ զանազան պատճառներով ապրելու փոխադրուեցան բազմաթիւ հայ ոսկերիչներ:

Քիչ քիչ նախ որպէս վաճառողներու ապա նաեւ որպէս արհեստաւորներու սկսանք հանդիպիլ ոչ-հայերու: Քիչ-քիչ Հալէպի արհեստաւորները սկսան նաեւ աշխատիլ 18 երբեմն նաեւ 14 այար ոսկիով. Ոսկեայ զարդերու վրայ սկսան յայտնուիլ զանազան թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարեր.. յայտնուեցան նաեւ զանազան մեքենաներու արտադրանք ոսկեղէններ: Ասոնք արդէն Հալէպի ոսկի չէին կոչուէր, ասոնք ներմուծուած էին: Հապա մուրճի գործ, չիֆթի գործ եւ ձեռակերտ նախշուած արծաթեղէնները՝ որոնց յայտնի վարպետները արդէն չկան, անոնց վարպետ զաւակներն ալ փոխած են իրենց արհեստները:

Անզուգական վարպետներու եւ անոնց աշխատած տեսակներու բազմաթիւ անուններ ծանօթ են մեզի, եւ թող ներողամիտ ըլլան անոնց տէրերը եթէ անուններ չնշենք. վստահ ենք որ օր մը Ռուբէն Պարսումեանի իր աւարտին հասած ոսկիի չափ թանկարժէք ուսումնասիրութիւնը լոյս պիտի տեսնէ,ուր Հալէպեան-Հայկական պղնձագործութեան, արծաթագործութեան եւ ոսկերչութեան հետ առընչուող ամէն մանրամասնութիւն պիտի գտնենք:

Մենք հոս պիտի նշենք երկու կէտ:

Նախ՝ Հալէպեան այս համընդհանուր սնանկութեան օրերուն, երբ կ'անդրադառնանք որ ինչ ճիշդ սովորութիւն էր ամէն առիթի ոսկեղէն նուիրելը. այս նեղ օրերուն յաճախ այդ ոսկեղէնն է մեզ փրկողը, մեր ունեցած պարտքը փակողը, մեր ճամբորդութեան ծախսերը հոգացողը, նոյնիսկ մեր առօրեայ ապրուստը հայթայթողը:  

Ապա ցաւով խոր ցաւով պիտի նշենք որ հայ վարպետներու ծախու հանուած արուեստի նմոյշ արծաթեղէններն ու ոսկեղէները կը հալեցուին, որպէս ապրուստի միջոց ետ գործուելու համար ու ... ու երկար տասնամեակներու ստեղծագործ միտքն ու ձեռագործը կ'անէանան...

Մեր բոլոր կորուստներու շարքին քանիերո՞րդ տեղը կը գրաւեն այս հալող մետաղները: Ես չեմ կրնար պատասխանել, բայց ես չեմ կրնար ընդունիլ նաեւ երբ խելացի մտածող մը ըսէ.

-Ամբողջ գաղութը կ'անէանայ, դուն ինչի՞ մասին կը խօսիս:

Ուշ է թերեւս, բայց քանի դեռ շատ ուշ չէ, վայրկեան մը չմտածե՞նք՝ կարելի՞ է արդեօք ֆոնտ մը ստեղծել գնելու եւ պահպանելու համար համար հայկական արհեստ-արուեստներու չքացող նմոյշներ, թէ՞ բաւականանք անոնց մասին պատկերազարդ գիրքեր հրատարակելով:

Եկէ՛ք մտածենք այս մասին: Գոնէ մտածենք, ի՞նչ կը կորսնցնենք:

Մտածենք նաեւ պղնձեայ իրերու մասին, որոնք յաճախ կը ծախուին այսօրուայ՝ մէկ օրուայ ուտելիքի դիմաց, կամ դպրոցական զաւակին գրենական պիտոյք գնելու ի խնդիր:

Բարեբախտաբար հայ կանանց ասեղնագործութեան թելերը պիտանի չեն վերավաճառման, ուստի անոնք թէեւ աժան գնով կը վաճառուին բայց եւ կը պահպանուին, ճիշդ է մեծ մասամբ օտարներու մօտ: Յուսանք, թէ անոնցմէ մէկ մասը օր մը հարուստ հայեր ետ կը վերագնեն:

Մարդուն ապահովութիւնը ամենակարեւորն է, մարդու գործին պահպանումն ալ նոյնքան կարեւոր չէ՞:

Ապա թէ ոչ ի՞նչ իրաւունք ունինք այպանելու Աֆղանիստանի Թալիպանները երբ անոնք կը քանդեն Պուտտայական հսկայ արձանները, կամ ի՞նչ տարբերութիւն ՏԱՀԷՇ-ը կը քանդէ թէ չի՛ քանդեր Հայկի Ախոյեան Բելի տաճարը Փալմիրի մէջ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 23 Սեպտեմբեր 2015