Հալէպի միջազգային օդակայանը վերադարձած է բնականոն հուն եւ կը գործէ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն։
Յիշեցնենք, որ Հալէպի օդակայանը դադրած էր գործելէ, երո իսրայէլեան օդուժը հարուածներ հասցուցած էր օդակայանին եւ անոր մերձ գտնուող ռազմական օդակայանի մը։
Զոհեր կամ տուժածներ չէին գրանցուած ու կը նշուէր, որ օդակայանը նոյնպէս հարուածներ ստացած էր անցեալ մայիսին։
Իսրայէլեան օդուժին կողմէ Սուրիոյ դէմ եղած հարուածները սկսած են դառնալ յաճախակի եւ նմանատիպ հարուածներու ականատես դարձանք նաեւ մայրաքաղաք Դամասկոսի ուղղութեամբ։