image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ. Թեմական Տնտեսական Խորհուրդի այցելութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազանին

Հալէպի մէջ. Թեմական   Տնտեսական Խորհուրդի այցելութիւնը՝  Առաջնորդ Սրբազանին

Օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Տնտեսական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ այցելութիւն տուած են թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝

Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Տնտեսական Խորհուրդը։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենադպիր օրդ. Մակի Պէրպէրեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Ժագ Գազէզեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, արծարծուեցան թեմէն ներս խորհուրդին աշխատանքային ծրագիրները։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց խորհուրդի անդամներուն բծախնդիր աշխատանքը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնելով կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց անոնց։