image

Հալէպի մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 33-ամեակին առիթով՝ Հանրապետական մաղթանք (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ. Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 33-ամեակին առիթով՝ Հանրապետական մաղթանք (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ, օրերս, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 33-ամեակին առիթով։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Բերիոյ թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 33-ամեակին առիթով, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Հանրապետական մաղթանք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշի օրհնութիւն կատարուեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի եկեղեցիներէն ներս։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ Հանրապետական մաղթանքի արարողակարգ կատարեց։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան խումբի փոխգնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, Յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հայկազ Ասատուրեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։ 

Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան:

 Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթերցուեցաւ Հանրապետական մաղթանքը եւ Սրբազան Հօր ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը օրհնուեցաւ, ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներու մասնակցութեամբ: Ներկաները յոտնկայս երգեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը։ 

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, 

հիմնուելով օրուան աւետարանական հատուածին վրայ (Մր 10.1-12), որ կը խօսի թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկայիս եկեղեցին եւ մարդկային ընկերութիւնը յուզող ապահարզանի երեւոյթին մասին: Փարիսեցիները այս երեւոյթին մասին Քրիստոսի հարցում հարցնելով փորձեցին զԻնք ծուղակը ձգել, սակայն չյաջողեցան։ Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ ամուսնութեան խորհուրդը Աստուծոյ կողմէ հաստատուած է։ Այլ խօսքով, այր եւ կին միանալով ընտանիք կը կազմեն եւ այդ ընտանիքը միացնողը Աստուած Ինքն է։ Սակայն, դժբախտաբար, այսօր ամուսնութիւնը երկու անձերու միջեւ համաձայնութեան գործընթացի վերածուած է կարծէք։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ ամուսնութիւնը երբե՛ք մարդկային կիրքերն ու ցանկութիւնները գոհացնելու համար չէ եղած, այլ՝ եսը փշրելու, անձնասիրութիւնը մէկ կողմ դնելու եւ կողակիցին տկարութիւնները սիրով եւ համբերութեամբ կրելու կոչումը ունի իր մէջ։ Սրբազան Հայրը նշեց, թէ եկեղեցին պարտաւորուած կ՚ըլլայ ապահարզան տալու՝ ամուսնացած զոյգերուն խստասրտութեան պատճառով, սակայն այդ միութիւնը Աստուծոյ աչքին անքակտելի կը մնայ։ Երբ մարդ զԱստուած պաշտելու փոխարէն ուրիշ կուռքեր կը պաշտէ եւ Աստուծմէ հեռանալով կռապաշտութեան եւ հեթանոսութեան պաշտամունքի գիրկը կ՚իյնայ՝ հոգեւորապէս Աստուծոյ հետ կնքուած ուխտը կը խզէ եւ պոռնիկ ու շնացող կը դառնայ, ինչպէս Հին Կտակարանին մէջ Աստուած մարգարէներուն ճամբով կը յանդիմանէր Իսրայէլի ժողովուրդը իբրեւ պոռնկացող եւ շնացող ժողովուրդ։

«Քրիստոնէութեան համաձայն ընտանիքը կը կազմուի սիրոյ, զոհողութեան, ծառայութեան եւ անձնուրացութեան առաքինութիւններուն եւ սիւներուն վրայ, այնպիսի առաքինութիւններ, որոնք Քրիստոս Իր կեանքով մարմնաւորեց։ Աստուած ըլլալով երկինքը ձգեց, խոնարհեցաւ եւ համբերութեամբ կրեց մարդոց անարգանքը, արհամարհանքը, մերժումը, ուրացումը, նոյնիսկ մահուան դատապարտումը եւ խաչ բարձրանալը», աւելցուց Սրբազան Հայրը, հրաւիրելով ամուսնացողները ինքնաքննութեան ճամբով Աստուծոյ կենդանի ներկայութեամբ կնքուած ամուսնութեան խորհուրդին նկատմամբ լուրջ մօտեցում ցուցաբերելու։

Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայութիւնը ՀՀ ներկայացուցիչներուն, որոնք կը գօտեպնդեն եւ կը զօրացնեն մեզ եւ շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի վերանկախութեան 33-ամեակին առիթով, մաղթելով, որ հայ ազգի ղեկավարները, պատասխանատուները, բանակի հրամանատարներն ու զինուորները նոյնպէս հաւատարիմ մնան իրենց կնքած ուխտին՝ պահպանելով հայրենիքը, հողը, հայ ազգին եւ եկեղեցւոյ սկզբունքներն ու սրբազան արժէքները։

Ան աղօթեց, որ Ամենակալը Իր առատ ողորմութեամբ ողողէ Հայաստան աշխարհը եւ մեր ղեկավարները, որպէսզի յաջողութեամբ իրենց վստահուած առաքելութիւնը ի կատար ածեն։ Աղօթեց, որ Տէրը յիշէ մեր նահատակները, որոնց արիւնով սրբագործուած է հայրենիքին հողը։ Ան մաղթեց նաեւ, որ Աստուած պահպանէ մեր ծննդավայր Սուրիան, անոր վսեմաշուք նախագահը եւ բանակը։

Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ։

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան։ Հանրապետական մաղթանքի արարողակարգ կատարեց Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Հանրապետական մաղթանքը ընթերցեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։