Հանդիսապետութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեանին օրերս նշուած է Քրիստոնեայ նուիրեալ սուրբերէն ՝ Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Բերիոյ Թեմի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագը, որ Աստուծոյ շնորհքով եւ զօրութեամբ լեցուն անձնաւորութիւն մըն էր, ժողովուրդին մէջ մեծամեծ հրաշքներ կատարեց, քաջութեամբ ճշմարտութիւնը խօսեցաւ եւ քարկոծուելով նահատակուեցաւ՝ փառաւորելով Քրիստոսը։
Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2023-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր ժամերգութեամբ եւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով յիշատակուեցաւ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագին տօնը, մասնակցութեամբ՝ Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիներու սարկաւագներուն, որոնք քահանայական սաղաւարտ կրելով սպասարկեցին Ս. Խորանին։
Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։ Երեք եկեղեցիներու դպրաց դասերուն հոգեպարար երգեցողութեամբ հնչեցին Հայ Եկեղեցւոյ հարուստ շարականները, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ բժշկ. բարշ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի։
Իր հայրական պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հիմնուելով Գործք Առաքելոց գիրքի 6-րդ եւ 7-րդ գլուխներուն վրայ, նկարագրեց աստուածային իմաստութեամբ լեցուն Ս. Ստեփանոսին սարկաւագ ընտրութիւնը, ձեռնադրութիւնը, պատրաստակամ ծառայութիւնը ժողովուրդին նպաստ մատակարարելու աշխատանքին եւ մեծամեծ հրաշքներ կատարելը։ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ներկաները Ս. Ստեփանոսի կերպարը մարմնաւորելու առաքինի կենցաղով, Քրիստոսի մասին վկայելով եւ Անոր սէրը, ուրախութիւնն ու լոյսը տարածելով իրենց շրջապատէն ներս։
Սրբազան Հայրը նշեց, թէ երանելի է այն քրիստոնեան, որուն մասին կը վկայեն ըսելով, որ Աստուծոյ շնորհքով լեցուն մարդ է, այնպէս ինչպէս Ս. Ստեփանոսի մասին վկայեցին։ Հետեւաբար, եթէ ունենանք իսկական հաւատք եւ շնորհք՝ մեր կեանքը հրաշքներով կը բարեզարդուի։
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց Ս. Խորանին վրայ տեսնելով սարկաւագները, որոնք իրենց ձեռնադրութենէն մինչեւ օրս կը ծառայեն եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին։ Ան Ս. Ստեփանոսին բարեխօսութիւնը խնդրելով աղօթեց, որ Տէրը երկար եւ առողջ կեանք պարգեւէ եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքներով զօրացնէ սարկաւագները, որպէսզի շարունակեն իրենց ծառայական առաքելութիւնը։
Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս մատուցուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր, դպրաց դասերուն կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ եկեղեցւոյ դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի: Սրբազան Հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Հոգշ. Տ. Մանուկ վրդ. Պարիխանեան, թեմի քահանայ հայրեր, եկեղեցիներու թաղականութիւններ, դպրաց դասեր եւ մեծաթիւ հաւատացեալներ:
Սարկաւագներուն անունով ուղերձ արտասանեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասէն բարշ. Վահէ սրկ. Սարգիսեան յայտնելով, որ Ս. Ստեփանոս իր վարքով եւ նահատակութեամբ դարձաւ հաւատքի տիտան, վկայութիւն ունեցող սուրբ եւ ծառայութեան խորհրդանիշ։
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականը երգեց, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասէն Աննա Սաղպազարեան ասմունքեց եւ
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրաց դասէն Սիլվա Թաշճեան-Պարսումեան մեներգեց։
Աւարտին, Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց, հրաւիրելով ներկաները, որ իրենց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ Քրիստոսի հանդէպ հաւատքի սերմը ճանաչողութեան ճամբով աճեցնեն, որպէսզի կատարելութեան աստիճաններէն վեր բարձրանալով արժանի դառնան Աստուծոյ ողորմութեան, սրբութեան եւ կատարելութեան։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց սարկաւագները եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց անոնց։