Սուրիա- «Արեւելք»ի Հալէպի մեր աղբիւրներէն իմացանք, որ քիչ առաջ քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ ջուրի եւ ելեքրականութեան մատակարարումը սկիզբ առած է: Մեր աղբիւրը նաեւ նշած է, որ անցնող ժամերուն քաղաքին մէջ ընդհանուր իրավիճակը կը համարուի բնականոն է եւ քաղաքին մէջ ռմբակոծումներու ծանր պայթումներ կամ կրակոց չի լսուիր: Նշենք, որ անցնող շաբաթներուն Հալէպի մէջ յատկապէս ջուրի տագնապը դարձած էր աննախընթաց եւ ինչպէս քաղաքի այլ շրջաններ հայկական թաղամասերը եւս ապրած են ջուրի եւ ելեքդրականութեան սուր տագնապներ: