image

Պոլսոյ Գնալը կղզի. Մեծ յաջողութեամբ պսակուած են «Նաւասարդեան» խաղերը

 Պոլսոյ Գնալը կղզի. Մեծ յաջողութեամբ պսակուած են «Նաւասարդեան» խաղերը

Օրերս Պոլսոյ  Գնալը հայաբնակ կղզիին մէջ  կայացած են աւանդութիւն դարձած «Նաւասարդեան» խաղերը։

Պատրիարքարանի ու Ամենապատիւ Սահակ Բ. Պատրիարքի բարձր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած  «Նաւասարդեան» խաղերուն մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնները, թէ  «Նաւասարդեան» խաղերու բացման ու նաեւ փակման հանդիսաւոր արարողութեանց մասին։

Գնալը Կղզիի մէջ, 22 Օգոստոս 2025, Ուրբաթ իրիկուն, սկիզբ առին Նաւասարդեան Խաղերը, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ եւ գլխաւոր օժանդակութեամբ՝ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան։

Մեր Հոգեւոր Հետը, ժամը 19.30-ին, Իշխանաց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ, մասնակցեցաւ պաշտօնական հիւրերուն ի պատիւ սարքուած սիրոյ սեղանին։ Ընթրիքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Պատրիարքական Կառավարիչ Գերպ. Տ. Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեան։ Ճաշկերոյթը պատուեցին Ստանպուլի Երեսփոխան Իրաւաբան Սէրքան Պայրամ, Կղզեաց Գաւառապետ Ապտուրրահման Ինան, Կղզեաց Քաղաքապետ Ալի Էրճան Աքփոլաթ, Գնալը Կղզիի Թաղապետ Էրտալ Այտըն, ինչպէս նաեւ Պետական Մշակոյթի եւ Արուեստի Քաղաքականութեանց Յանձնախումբի անդամ Արամ Քուրան, Թրքահայ Վաքըֆներու Միութեան ատենադպիր եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու, Գնալը Կղզիի Լողաւազանը վարչութեան նախագահ Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքին, Շիշլիի Մարմնամարզական Միութեան Նախագահ Ալէն Թէքպըչաք, Համահայկական խաղերու Ստանպուլի յանձնախումբի ատենապետ Հայկարամ Քարասու, նաեւ համայնքային հաստատութիւններէ ատենապետներ եւ ներկայացուցիչներ։

Այստեղ Տ. Յարութիւն Վրդ., որպէս շրջանի հոգեւոր հովիւ բարի գալստեան խօսք ուղղեց ներկաներուն, ներկայացնելով Նաւասարդեան Խաղերու հովանաւորները։ Ապա, սրտի խօսքերով հանդէս եկան Երեսփոխան Իրաւաբան Սէրքան Պայրամ եւ Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ.Ծ. Վարդապետը։ Հուսկ, սրտի խօսք արհասանեց Պատրիարք Հայրը եւ շնորհաւորեց բոլոր անոնք որոնք այս հանդիսաւոր ծրագրին մէջ մաս եւ բաժին ունեցած էին։ Մեր Հոգեւոր Պետը պաշտօնական մարմիններու շնորհակալութիւն յայտնած պահուն, յատուկ ձեւով անդրադարձաւ Երեսփոխան Իրաւաբան Սէրքան Պայրամի ներկայութեան եւ յիշեցուց, թէ ինք միշտ զօրավիգ կը դառնայ նման ծրագիրներու։

Մեր Հոգեւոր Պետն ու հիւրերը, ժամը 21.00-ին ուղղուեցան դէպի Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտ, ուր դիմաւորուեցան կազմակերպիչներու կողմէ։

Ոգեւոր հանդիսութեան սկիզբը տողանցեցին մարզիկները եւ ողջունեցին ներկաները։ Ապա, գործադրուեցաւ բացման հանդիսութիւնը։ Հանդիսավարներն էին Քարօլին Մամիկոնեան եւ Եգիպտոսէն Շահան Թէրզիպաշեան, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն։

Բացման հանդիսութեան առթիւ մեր Հոգեւոր Պետը ելոյթ ունեցաւ եւ անդրադարձաւ Նաւասարդ բառին նշանակութեան եւ Հայոց մշակոյթին մէջ ունեցած իմաստին։ Յիշեցուց, որ պտղաբերութեան փոխարէն Աստուծոյ փառք տալու համար ընտրուած շրջան մըն էր Նաւասարդը։ Իսկ ներկայիս, թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ մշակութային կեանքի մէջ տեսանելի է ոգեւորիչ օրեր եւ այս առթիւ Նաւասարդեան աւանդութիւնը նաեւ լաւ առիթ էր համախմբուելու եւ մեր երջանկութեան արտայայտութիւնները բարձրացնելու առ Աստուած։

Նաւասարդեան Խաղերու կազմակերպման առթիւ բարձր գնահատեց Յարութիւն Քուրանի եւ Ռաֆֆի Քալքի տեսլականն եւ գործակցութիւնը։ Համայնքիս երիտասարդ երկու ուժերուն չորս տարի առաջ ունեցած տեսիլքը ամէն տարի առաւել եւս զարգանալով կը շարունակէր եւ արդար գնահատանքի արժանի կը դառնար։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ այս խաղերը համախմբեն հարիւրաւոր երիտասարդներ եւ հազարաւոր անձեր եւ մարդիկ զուարճանան ու Նաւասարդեան Խաղերը միասնաբար վայելեն։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարար Օսման Աշքըն Պաքին, ինչպէս նաեւ Կղզեաց Գաւառապետին եւ Քաղաքապետին։ Հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ.ին, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը միացուցած էր այս ծրագրին։

Պատրիարք Հօր պատգամէն յետոյ Երեսփոխան Պայրամին, Կղզեաց Գաւառապետին, Կղզեաց Քաղաքապետին, Ստանպուլի Երիտասարդական եւ Մարմնամարզական Տնօրէնութեան տեղեկատուական բաժնի պատասխանատու Տթր. Թէմէլ Քըլընչլըի եւ Մուսթաֆա Այտընի յանձնուեցան յուշանուէրներ։

Բեմ բարձրացաւ Փէթրօ Տըվարճըի եւ Եանի Քորտոմէնիտի գլխաւորած նուագախումբը, որոնց մէջ նուագեց նաեւ յայտնի երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեան։ Յաջորդաբար բեմ բարձրացաւ Արի Պարութօղլու եւ ապա Պարթեւ Կարեան, որոնք հայերէն եւ թրքերէն երգացանկով ներկաները ոգեւորեցին։ Իսկ համերգի եզրափակիչ փուլին երաժշտական աշխարհի յայտնի աստղերէն Նիւքհէթ Տուրու հանդէս եկաւ իր ներկայացումով, բան մը որ աննախընթաց ոգեւորութեամբ հրահրեց ներկաներու տրամադրութիւնը։

Յընթացս հանդիսութեան, Տուրուի յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։

Նշեք, թէ խաղերը կը շարունակուին մինչեւ Կիրակի եւ բացի խաղերէ մանկանց համար պատրաստուած են խաղավայրեր։ Իսկ փակումը կը կատարուի Կիրակի, պետական աւագանիի եւս մասնակցութեամբ։

 

Փակում «Նաւասարդեան» խաղերու 

 

   Գնալը Կղզիի մէջ, 24 Օգոստոս 2025, Կիրակի երեկոյեան իր աւարտին հասան Նաւասարդեան Խաղերը, որ հոծ թիւով մասնակիցներու ներկայութեամբ վերածուեցաւ աննախընթաց տօնակատարութեան։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, ինչպէս նաեւ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան գլխաւոր օժանդակութեամբ կազմակերպուած խաղերու փակման հանդիսութեան մասնակցեցաւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը։

Մեր Հոգեւոր Հետը, ժամը 21.00-ին, Կղզեաց հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ընկերակցութեամբ եկաւ Հրանդ Պարսամեան Մարզադաշտ։ Մասնակցեցան Կղզեաց Քաղաքապետ Ալի Էրճան Աքփոլաթ, Կղզիի Թաղապետ Էրտալ Այտըն, Թրքահայ Վաքըֆներու Միութեան ատենադպիր եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Քուզիքօղլու, Կղզեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Շատեան, Սասուն Պիթլիս Միութեան ատենապետ Արամ Տէմիր եւ ծանօթ երաժիշտ Մաժակ Թօշիկեան։

Քարօլին Մամիկոնեանի եւ Եգիպտոսէն Շահան Թէրզիպաշեանի հանդիսավարութեամբ սկսաւ մրցանակաբաշխութիւնը։ Ոտնագնդակի, վոլէյպոլի, պասքէթպոլի, նարտի, ճատրակի, թէնիսի մարզերու մէջ թափնեկիրներ ստացան իրենց մրցանակները։ 

Բեմ բարձրացաւ կամաւոր երիտասարդաց խումբը՝ կապոյտ հրեշտակները եւ ծափերու արժանացան։ Բեմ հրաւիրուեցան բոլոր խաղերու հսկիչներն ու համակարգողները եւ գլխաւորութեամբ Յարութիւն Քուրանի եւ Ռաֆֆի Քայքի ստացան յուշանուէրներ։

Մեր Հոգեւոր Պետը եւս կատարեց մրցանակաբաշխում եւ աւարտին շնորհաւորական պատգամը տուաւ։ Մեծ ուրախութիւն էր երեք օրեր շարունակ հազարաւորներու ներկայութիւնը վայելել եւ Գնալը Կղզիի մէջ ապրիլ տօնական մթնոլորտը։ Այս առթիւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական անձերու եւ համայնքիս անդամներուն՝ որոնց աշխատութեամբ յաջողութեամբ աւարտին հասան խաղերը։

Մրցանակաբաշխութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ նշանաւոր երգիչ Պէնկիւն եւ իր երգերով առաւել եւս ոգեւորեց հազարաւոր ունկնդիրները։ Այսպէս իր աւարտին հասաւ փակման հանդիսութիւնը գնահատանքին արժանանալով ներկաներուն։