Օգոստոս 23-ին վերսկսած է դէպի Հայաստան բնական կազի մատակարարումը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութիւնը:
«Կազամատակարարումը վերսկսած է ժամը 06։00-էն»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Յիշեցնենք` մատակարարումը երէկուընէ դադրեցուած էր Վրաստանի տարածքին մէջ, «Կարմիր Կամուրջ-Սեւքար-Բերդ» (DN 1000) տարանցիկ մայրուղային կազատարի վրայ վթարավերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելու պատճառով։